ՃԱՏՐԱԿ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ` ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ՄԷՋ

Նախանցեալ օր Զափորոզհիէի մէջ (Ուքրանիա) աւարտեցաւ ճատրակի միջազգային մրցաշարք մը` նուիրուած Երմաքի յիշատակին. մրցաշարքը տեղի կ՛ունենար 7-րդ անգամ ըլլալով:

21 տարեկան հայրենի վարպետ Վարդգէս Թովմասեան բացառիկ արդիւնք արձանագրելով եւ իր ունեցած տպաւորիչ յաջողութեան շնորհիւ տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին, երբ առանց պարտութիւն կրելու ապահովեց 7,5 կէտ` առաւելագոյն 9 կէտէն:

Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 4 կրանտմասթըրներ եւ բազմաթիւ միջազգային Մասթըրներ:

Share this Article
CATEGORIES