ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 22-23 ՅՈՒԼԻՍԻՆ ԿԱԽԱԿԱՅՈՒԱԾ ՊԸՆ ՀԱՄՄԱՄ ՊԻՏԻ ԻՄԱՆԱՅ ԻՐ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ

Մոհամետ Պըն Համմամ

ՖԻՖԱ-ին կողմէ երէկ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ յառաջիկայ 22-23 յուլիսին, Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի կախակայուած նախագահ քաթարցի Մոհամետ Պըն Համմամ պիտի իմանայ իր ճակատագիրը:

Պըն Համմամ, ինչպէս նաեւ երկու այլ պատասխանատուներ, ՖԻՖԱ-ին կողմէ ամբաստանուած են նախորդ յունիսին տեղի ունեցած ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւններուն քուէներ գնած ըլլալու յանցանքով:

Նշենք, որ Պըն Համմամ արդէն իսկ ժամանակաւորապէս կախակայուած էր նախորդ 29 մայիսին եւ անոր թեկնածութիւնը քաշուած էր ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւններէն` առիթ տալով զուիցերիացի Սեփ Պլեթըրի, որ վերընտրուի նախագահ:

 

Share this Article
CATEGORIES