«ԵՈՒՐՈՓԱ ԼԻԿ». ԱՅՍՕՐ` ՕԼԻՄՓԻ ՌՈՒՍԹԱՒԻ – ԲԱՆԱՆՑ ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՈՒԼԻՍ – ՖԵՐԵՆՔՎԱՐՈՇ ԴԱՐՁԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ

Ալեքսանտր Տերտոյ

«Եուրոփա լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումները տեղի պիտի ունենան այսօր` հինգշաբթի, 7 յուլիսին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 16:00-էն սկսեալ: Վերջին մրցումը պիտի սկսի ժամը 22:15-ին:

Այսօր մրցումներ ունին կատարելիք նաեւ Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները` Բանանց Երեւան եւ Ուլիս, որոնք յաջորդաբար պիտի մրցին Օլիմփի Ռուսթաւիի (Վրաստան) եւ Ֆերենքվարոշի (Հունգարիա) դէմ:

Առաջին մրցումը պիտի սկսի ժամը 16:00-ին, իսկ երկրորդ մրցումը` ժամը 17:00-ին: Երթին Բանանց իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Օլիմփի Ռուսթաւիէն, մինչ Ուլիս 3-0 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Ֆերենքվարոշի դաշտէն:

Հայկական երկու խումբերուն ալ այսօրուան մրցումները բաւական դժուար են, որովհետեւ անոնք դժուար առաքելութիւն մը ունին կատարելիք:

Ատկէ բացի, Բանանց եւ Ուլիս որեւէ ձեւով պիտի փորձեն չսխալիլ` նկատի ունենալով, որ օրուան այիրցի իրաւարարը` 33 տարեկան Նիլ Տոյլ, պիտի սուլէ միջազգային ասպարէզի իր առաջին մրցումը: Ուլիս- Ֆերենքվարոշ մրցումին իրաւարարը եւս` 33 տարեկան Ալեքսանտր Տերտոյ (Ուքրանիա), իր կարգին գրեթէ նոր կը մտնէ միջազգային ասպարէզ: Ան ցարդ միայն Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար կրտսերներու ախոյեանութեան գծով մրցումներ սուլած է:

Share this Article
CATEGORIES