ԿԱՇԱՌԱԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԵԼՈՎ ԵՕԹԸ ԱՆՁԵՐ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԵՑԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ

Ազիզ Եըլտըրըմ

Երէկ, ինչպէս նաեւ նախորդող երկու օրերուն, Թուրքիոյ մէջ բացայայտուեցան կաշառակերութեան յանցանքով ամբաստանուած եօթը անձեր, որոնք անմիջապէս բանտարկուեցան Պոլսոյ մէջ գտնուող «Մեթրիս» բանտին մէջ:

Անոնց շարքին է Ֆեներպահչէի նախագահ Ազիզ Եըլտըրըմ, որ փաստացի տուեալներու համաձայն, նախորդ տարեշրջանին Էսքիշեհիրսփորէն եւ Սիվասսփորէն մրցումներ գնելով յաջորդաբար 18-րդ անգամ ըլլալով (մրցանիշ մը) խումբը դարձուց Թուրքիոյ ախոյեան:

Ըստ թրքական մամուլին, այդ ձերբակալեալներուն, ապա բանտարկուածներուն կարգին են Ֆեներպահչէի երկու պատասխանատուներ, երկու մարզիկներ, ինչպէս նաեւ Սիվասսփորի նախագահը:

Share this Article
CATEGORIES