Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.- ԼԻԲԱՆԱՆԻ 34-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՌԵԼԻՆ` 16-18 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՍԿՍԻՆ 11 ՅՈՒԼԻՍԻՆ ԵՒ Կ՛ԱՒԱՐՏԻՆ 2 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ

Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Ա. Թէ. Սէ. Էլ. յայտարարեց, որ յառաջիկայ 16-18 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 34-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:

Կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ անոր ազդանշանը պիտի տրուի Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կեդրոնատեղիէն (Քասլիք), ինչպէս նաեւ հոն տեղի պիտի ունենայ անոր աւարտը, իսկ ինքնաշարժներուն կեդրոնատեղին պիտի ըլլայ Ֆուատ Շեհապի համալիրը (Ժունիէ), ուր տեղի պիտի ունենան անոնց նորոգութիւնները, հանգիստը եւ այլն:

Լիբանանի ռելիներու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ինքնաշարժներու վառելանիւթը պիտի տրամադրէ լիբանանեան «Թոթալ» ընկերութիւնը, ինչ որ իր տեսակին մէջ կարելի է նկատել իւրայատուկ եւ եզակի:

Հաղորդագրութեան վերջին բաժինին մէջ Ա. Թէ. Սէ. Էլ. յայտարարեց, որ այս ռելիին գծով մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցելու նպատակով եւ մասնակցող վարորդներուն գծով յաւելեալ լուսաբանութիւններ տալու համար մօտիկ ապագային պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն թուականը պիտի յայտարարէ իր գումարելիք յաջորդ ժողովին:

Share this Article
CATEGORIES