Ռիֆի Կոչ Ուղղեց Ունենալու Ազատ Դատական Իշխանութիւններ
Սայտայի մէջ չորս դատաւորներուն սպանութեան 15-րդ տարելիցին առիթով երէկ Արդարութեան պալատին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի:
Ռիֆի կոչ ուղղեց ունենալու ազատ դատական իշխանութիւններ, որոնք միայն փոխադարձ գործակցութեան պարագային է, որ կ՛ենթարկուին այլ իշխանութիւններու:
Ան շեշտեց, որ անկախ դատական իշխանութիւնները կը նպաստեն լիբանանեան պետութեան կերտումին:
Ռիֆի մաղթեց, որ կարենայ օժանդակել դատաւորներուն, որպէսզի կարենան արագացնել դատավարութիւնները եւ իրականացնել արդարութիւնը:
Ան հաստատեց, որ չորս դատաւորներուն թափած արիւնը յումպէտս պիտի չհոսի, որպէսզի անոնք երկու անգամ սպաննուած չըլլան:
CATEGORIES Լիբանանեան

