Ապու Ղիտա Բերման Գիր Արձակեց Շէյխ Ֆըսթոքի Դէմ

Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտա երէկ հարցաքննեց շէյխ Օմար Պաքրի Ֆըսթոքը, որ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըրի կողմէ ամբաստանուած էր ահաբեկչական կազմակերպութիւններու` ՏԱՀԵՇ-ի եւ Քայիտայի անդամակցելու, հիւսիսային Լիբանանի մէջ իսլամական էմիրութիւն հիմնելու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական պատերազմ հրահրելու յանցանքներով:

Հարցաքննութենէն ետք Ապու Ղիտա Ֆըսթոքի դէմ բերման գիր մը արձակեց:

Share this Article
CATEGORIES