Ժոմպլաթ. «Աշխատավարձերու Յաւելումները Վաւերացնելու Որեւէ Արկածախնդրութիւն Իր Աննախատեսելի Հետեւանքները Պիտի Ունենայ Երկրին Տնտեսութեան Վրայ»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա»-ի մէջ գրած իր շաբաթական ակնարկին մէջ վերահաստատեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան գնահատանքը` Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը կազմող բոլոր շերտերուն, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ անոնց ներկայացուցած պահանջները իրաւացի են եւ արդար:
Ժոմպլաթ բարձր գնահատեց նաեւ խորհուրդին կողմէ քաջութեամբ մղուած պայքարը, որ սենտիքայական դերակատարութիւնը դարձեալ հունաւորած է:
Սակայն այս բոլորով հանդերձ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ երկրին տնտեսութեան, լիբանանեան հաստատութիւններուն եւ պետական մարզին շարունակականութիւնը, որ եթէ վնասուի, ապա պիտի վնասուին բոլորը:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ աշխատավարձերու յաւելումները վաւերացնելու որեւէ արկածախնդրութիւն իր աննախատեսելի հետեւանքները պիտի ունենայ երկրին տնտեսութեան վրայ:

