Պասիլ – Փաուլի Հանդիպում

Պասիլ եւ Փաուլի

Պասիլ եւ Փաուլի

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի զօրակցութեան նպատակով անցեալ 5 մարտին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները, որոնց լոյսին տակ Փաուլի յայտնեց, որ Ֆրանսա կը զօրակցի Լիբանանին:

Հանդիպումէն ետք Փաուլի յայտնեց, որ ֆրանսական կառավարութիւնն ու պետութիւնը կը զօրակցին լիբանանեան հաստատութիւններուն` կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն լիբանանեան սահմանադրութեան համապատասխան ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը:

Share this Article
CATEGORIES