Ներքին Ապահովութեան Ուժերու 153-Ամեակ. «Լիբանանն Ու Լիբանանցիները Կը Յիշեն Ահաբեկչութեան Դէմ Ձեր Մղած Պայքարը» Շեշտեց Մաշնուք

Ապահովական ուժերու տողանցքէն պահ մը
Ներքին ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 153-ամեակին առիթով` երէկ Տըպպայէի Ուիսամ Հասանի անուան զօրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ձեռնարկ մը` հովանաւորութեամբ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքի:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս, նախկին նախարար Մարուան Շարպել, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտ, ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ, Զինուորական ատեանին մօտ լիբանանեան կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատաւոր Սաքըր Սաքըր, Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքի, խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աուն, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով պետական պաշտօնատարներ եւ բարձրաստիճան զինուորականներ:
Հանդիսութեան ընթացքին ներքին ապահովութեան ուժերու տարբեր միաւորներուն տողանցելէ ետք, հազարապետ-զօրավար Պասպուս ընդգծեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերը պէտք է յարանուանական կողմնակցութենէ եւ խտրութենէ հեռու մնան: Ան ըսաւ, որ ապահովութիւնը կայունութեան բաղկացուցիչ տարր է, ինչպէս նաեւ բարգաւաճման հիմնական նախապայման:
Իր կարգին, Նուհատ Մաշնուք անդրադարձաւ երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը խոչընդոտելու քայլերուն` նշելով, որ այդ քայլին դիմող կողմերը կը հաւատան, թէ այդպէս կարելի կ՛ըլլայ լեցնել նախագահական թափուր աթոռը:
«Սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքի արգելակումը կը յանգի երկրին ապագային նկատմամբ պատասխանատուութեան առումով հանրապետութեան թափուր մնալուն», ըսաւ ան:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ մարտարուեստի ցուցադրութիւն եւ կենդանի ռազմափորձ:

