Նախագահական Ընտրութեան Նիստը Դարձեալ Յետաձգուեցաւ, Մինչ Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Գործադրեց Իր Նստացոյցը

Սալամ եւ Պըրրի

Սալամ եւ Պըրրի

Նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը երէկ վեցերորդ անգամն ըլլալով յետաձգուեցաւ` երեսփոխաններու բաւարար թիւի չգոյութեան պատճառով:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հասաւ խորհրդարան, իր կարգին վարչապետ Թամմամ Սալամ հասաւ խորհրդարան` մասնակցելու համար նախագահական ընտրութեան նիստին:

Սակայն աւելի ուշ Պըրրի նախագահական ընտրութեան նիստը յետաձգեց չորեքշաբթի, 18 յունիսին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:

Իսկ խորհրդարանին մէջ քննարկումները կեդրոնացան աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին շուրջ:

Այդ իմաստով Պըրրի հանդիպումներ ունեցաւ կրթութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապի եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ:

Հանդիպումէն ետք կրթութեան նախարարը հաստատեց, որ Պըրրի յանձնառու է աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու, ինչպէս նաեւ նախանձախնդիր է պահպանելու աշակերտներուն շահերը:

Ան շեշտեց, որ պետական քննութիւնները հինգշաբթի, 12 յունիսին պիտի կատարուին:

Պըրրիի հետ այս հարցով հանդիպում մը ունեցան նաեւ նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա եւ Նեժիպ Միքաթի, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրի:

Հանդիպումէն ետք Սինիորա յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն մասին իրենց վերջնական պատասխանը երեկոյեան պիտի յայտարարեն: Ան ըսաւ սակայն, որ յաւելումներու թղթածրարը տակաւին լուրջ հարց է, եւ անոր թիւերը կը սպառնան Լիբանանի ելեւմտական կայունութեան:

Այսպէս, երեկոյեան Մուսթաքպալ պլոքի նիստէն ետք յայտարարուեցաւ, որ պլոքը կը մերժէ ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձերու յաւելումը իր այս վիճակին մէջ վաւերացնել, որովհետեւ Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխանները կը մերժեն Լիբանանը դէպի սնանկացում առաջնորդել:

Միւս կողմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենց պլոքի երեսփոխանները այսօրուան օրէնսդրական նիստին պիտի չմասնակցին` նկատի ունենալով, որ այդ նիստը հակասահմանադրական է:

Իր կարգին, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ ինք եւ երեսփոխան Ահմետ Քարամէ այսօրուան նիստին պիտի չմասնակցին` աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը ոչ հաւասարակշռուած գտնելնուն պատճառով:

Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը
Բուռն Կերպով Կը Պայքարի
Պաշտպանելու Համար Իր Իրաւունքները

129716972_ImageՈւսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու խորհրդարանի օրէնսդրական նիստէն օր մը առաջ, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ կատարեց բողոքի իր նստացոյցը` կրթութեան նախարարութեան դիմաց:

Խորհուրդը պահանջեց վաւերացնել ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումները:

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ հաստատեց, որ իրենք կը շարունակեն պոյքոթի ենթարկել պետական քննութիւնները` մինչեւ իրենց իրաւունքներուն եւ պահանջներուն վաւերացումը:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին զօրակցելու խորհուրդին եւ այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին դարձեալ բողոքի նստացոյց մը կատարելու կրթութեան նախարարութեան դիմաց:

Իր խօսքը ուղղելով կրթութեան նախարարին` Ղարիպ յայտնեց, որ անկարելի է, որ Պու Սաապ, որ հաստատած է ուսուցիչներու իրաւունքներուն իր զօրակցութիւնը, մէկ օրէն միւսը իր կեցուածքը փոխէ եւ հարց տուաւ անոր. «Ի՞նչ է կեցուածքդ փոփոխութեան ենթարկելու պատճառը, պարո՛ն նախարար»:

Միւս կողմէ, արհեստից եւ թեքնիք վարժարաններու մէջ պայմանագրութեամբ գործող ուսուցիչներուն անունով Ատել Հաթում մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ հակառակ ուսուցիչներուն արդար պահանջներուն իրենց զօրակցութեան, իրենք մտահոգ են նաեւ աշակերտներով:

Ան նշեց, որ պետական քննութիւնները պէտք է կատարուին` աւելցնելով, որ իրենք պիտի մասնակցին քննութիւններուն կազմակերպման, հսկողութեան եւ սրբագրութեան աշխատանքներուն` «կառչած մնալով մեզի մեր պաշտօններուն վրայ հաստատելու պահանջին», ըսաւ Հաթում:

Կրթական քննիչ մարմինի նախագահ Ֆաթեն Ժումաա երէկ կոչ ուղղեց պետական դպրոցներու եւ երկրորդական վարժարաններու ուսուցչական եւ վարչական կազմերուն` կատարելու իրենց ազգային պարտականութիւնը, որ կը վերաբերի պետական քննութիւններուն կազմակերպումին:

Ժումաա շեշտեց, որ իրենց պարտականութիւններէն թերացող ուսուցիչները դատական հետապնդումի պիտի ենթարկուին:

Սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ կէսօրէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ պետական քննութիւնները թեքնիք աշխատանք չեն, այլ կրթական առաքելութիւն` աւելցնելով, թէ ո՛վ որ կը յանդգնի առանց ուսուցիչներուն պետական քննութիւններ կատարել, ապա պետական վկայականը անոր վերջին մտահոգութիւնը կ՛ըլլայ:

Մահֆուտ հաստատեց, որ առանց Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի որոշումին պետական քննութիւնները անկարելի է, որ հինգշաբթի օր կատարուին:

Սակայն աւելի ուշ, կրթութեան նախարարը վերահաստատեց, որ քննութիւնները իրենց բնականոն ընթացքով պիտի կատարուին` կոչ ուղղելով աշակերտներուն պատրաստուելու այդ քննութիւններուն:

Պու Սաապ մաղթեց նաեւ, որ խորհրդարանը այսօր վաւերացնէ ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումները:

Share this Article
CATEGORIES