Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտը Բանաձեւ Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ցուցաբերուած Օգնութեան Վերաբերեալ
Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտը միաձայնութեամբ ընդունեց բանաձեւ մը` բարձր գնահատելով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գործունէութիւնը Ամերիկեան օգնութեան կոմիտէին, որ յաջողեցաւ 132,000 որբ երեխաներ փրկել եւ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուածներուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբը:
«Մենք կը շնորհաւորենք Ծերակոյտի ժամանակաւոր նախագահ Քեւին տը Լէոնը եւ անկեղծօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոր «Էյ.Ճի.Ար. 41» բանաձեւը ընդունելու համար», նշեց Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Նորա Յովսէփեան:
Մասնաւորաբար, բանաձեւը կը ճանչնայ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Ամերիկեան օգնութեան կոմիտէի գործունէութիւնը իբրեւ Միացեալ Նահանգներու աննախադէպ արձագանգ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան, երբ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընն ու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Քոնկրեսի արտօնութիւնը տուին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերը եւ քրիստոնեաները փրկելու համար բարեգործական կազմակերպութեան ստեղծման նպատակով:
Բանաձեւը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ Քալիֆորնիոյ վեհաժողովին սոյն բանաձեւի օրինակները ներկայացնելու Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ փոխնախագահին, Ներկայացուցիչներու տան նախագահին, փոքրամասնութեան առաջնորդին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի մեծամասնութեան եւ փոքրամասնութեան առաջնորդներուն, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր քոնկրեսականի:
«Կոմիտէի աշխատանքը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ սկսաւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկենթաուը: Անիկա աննախադէպ մարդասիրական շարժում էր` կանխելու Թուրքիոյ հայ բնակչութեան բնաջնջումը: Ամերիկացիներու ջանքերուն շնորհիւ, որոնց շարքին նաեւ քալիֆորնիացիներու, հազարաւոր որբ մնացած երեխաներ փրկուեցան: Մենք կրնանք հպարտանալ մեր երկրի պատմութեան այդ փառաւոր էջով եւ պէտք չէ մոռացութեան մատնենք զայն», ընդգծեց «Էյ.ճի.Ար. 41» բանաձեւի հեղինակ Են Քալտերոն:

