Թուրքիա Լիայոյս Է, Որ Փերինչեքի Գործով Վճիռը Չի Փոխուիր
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է պաշտօնական յայտարարութիւն մը` Տողու Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիա գործի քննութիւնը Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի Մեծ պալատ ընդունելու որոշման մասին:
«Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի` 17 դեկտեմբեր 2013-ի որոշումով կ՛ամրագրուի արտայայտութեան ազատութեան պաշտպանութիւնը, որ ազատութեան, ժողովրդավարութեան ու օրէնքի գերակայութեան հաւատարիմ հասարակութիւններուն հիմնարար տարրն է, մինչդեռ Զուիցերիան հարցը ներկայացուցած է Մեծ պալատ` բացարձակապէս քաղաքական դրդապատճառներով:
«Համոզուած ենք, որ Մեծ պալատը գործը քննելու ատեն պիտի առաջնորդուի միմիայն իրաւական նկատառումներով: Անկարելի է պատկերացնել արդիւնք մը, որ պիտի տարբերի Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի 17 դեկտեմբեր 2013-ի որոշումէն:
«Այսպիսով` անիկա անգամ մը եւս պիտի ըլլայ համարժէք պատասխան այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը ձգտին պատմութեան եւ օրէնքի քաղաքականացման, եւ պիտի ամրագրէ, որ ժողովրդավար հասարակութիւններու հիմնաքարը հանդիսացող խօսքի ազատութիւնը պաշտպանուած է», ըսուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

