Տէր Թադեւոսեան. «Հայկական Ուժերը Կը Պատրաստուին Շօշափելի Հարուածներ Տալ Ազրպէյճանին»

Արկադի Տէր Թադեւոսեան
Պաշտօնաթող հազարապետ-զօրավար Արկադի Տէր Թադեւոսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին նշեց, որ հայկական ուժերը կը պատրաստուին շօշափելի հարուածներ հասցնելու ազրպէյճանական կողմին եւ այդ ուղղութեամբ նախապատրաստութիւնները ընթացքի մէջ են: Ան նշեց, որ ինք այսպիսի տեղեկութիւններ ունի:
«Եթէ մենք յառաջիկային պատասխան հարուածներ չտանք, ազրպէյճանցիները պիտի կարծեն, որ մենք թուլացած ենք: Պէտք է միայն հարուածներ հասցնել, շօշափելի հարուածներ: Ես ոչ միայն կը սպասեմ, այլ գիտեմ, որ այսպիսի հարուած կը նախապատրաստուի», նշեց Տէր Թադեւոսեան:
Լեռնային Ղարաբաղի բարձրագոյն` «Արցախի հերոս» կոչման արժանացած Տէր Թադեւոսեան ընդգծեց, որ Ռուսիայէն սպառազինութիւն գնելով եւ սահմանին վրայ այսպիսի քայլերու դիմելով` Ազրպէյճան նպատակ ունի ճնշում գործադրելու Հայաստանի եւ միջազգային միջնորդներուն վրայ, որպէսզի բանակցային հոլովոյթին մէջ առաւելագոյն չափով ընդառաջեն Պաքուի ցանկութիւններուն:
Պաշտօնաթող զօրավարը շեշտեց, որ Ազրպէյճանի նպատակը պատերազմը չէ` հաշուի առնելով Ազրպէյճանի պարտաւորութիւնները եւ յառաջիկայ տարիներու ծրագիրները` միջազգային ուժանիւթի մարզին մէջ, հայկական ուժերու սպառազինութիւնը, ուժերու յարաբերակցութիւնը, հայ-ռուսական համաձայնութիւնները, միջազգային հանրութեան` Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ Իրանի բացասական մօտեցումը Ղարաբաղի մէջ սթաթիւս քոն ուժով փոխելու որեւէ նախաձեռնութեան վերաբերեալ:
«Ազրպէյճանը այն միջոցները չունի, որպէսզի յաջողի առանձին փոխել ուժերու յարաբերակցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ, ուր ներկայացուած են նաեւ մեծ պետութիւնները, իսկ պատերազմը կը նշանակէ, որ դուն կ՛անտեսես գոյութիւն ունեցող շահերը եւ կ՛ուզես փոխել իրավիճակը», շեշտեց պաշտօնաթող հազարապետ-զօրավարը:

