Ոչ Իշխանական Քառեակը Այսօր Պիտի Հրապարակէ Կառավարութեան Նկատմամբ Իր Պահանջները
Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ իշխանական ուժերու քառեակը ընդդիմութեան վերաբերեալ օրինագիծ պիտի ներկայացնէ: Այս մասին լրագրողներուն յայտնեց Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեան` իրենց խմբակցութեան գրասենեակին մէջ ընթացող խորհրդարանի ոչ իշխանական ուժերու քառեակի նիստին աւարտէն ետք: Ըստ անոր, այլ երկիրներու մէջ նաեւ կը գործեն այսպիսի օրէնքներ, որոնք բաւական յաջող են:
«Անոնք կ՛օգնեն հակակշիռներու արդիւնաւէտ համակարգ ստեղծելու, ինչ որ անհրաժեշտ է ժողովրդավարական հասարակութեան յաջող գործունէութեան համար», յայտարարեց Յակոբեան:
Յակոբեան յայտնեց, որ այս եւ միւս պահանջները հասարակութեան եւ կառավարութեան պիտի ներկայացուին 10 յունիսին: «Մենք կը կարծենք, որ մեր պահանջները կարելի են, յատկապէս եթէ յիշենք, որ նախապէս իշխանութիւնը յայտարարած էր համագործակցութեան պատրաստ ըլլալու մասին», ըսաւ Յակոբեան:
Նշենք, որ աւելի կանուխ քառեակի ներկայացուցիչները յայտարարած էին իշխանութեան գործողութիւնները վերահսկելու շարք մը գործառոյթներ ընդդիմութեան յանձնելու անհրաժեշտութեան մասին, այդ գործառոյթներու շարքին է նաեւ Վերահսկիչ պալատի նախագահի թեկնածութիւնը առաջարկելու իրաւունքը:
Այսօր ներկայացուելիք դիմումին մէջ հիմնականին մէջ պիտի ներառուին ոչ միայն ներքին, այլեւ արտաքին քաղաքականութեան, մասնաւորաբար` Ասթանայի մէջ, եւրասիական համարկման եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան աշխատանքին վերաբերեալ կէտեր:
Քառեակը չէ քննարկած Լեւոն Տէր Պետրոսեանի` իշխանութեան ուղղուած կտրուկ յայտարարութիւններով վերջին յօդուածը:
Յայտարարութիւնը պիտի փոխանցուի նաեւ Հայաստանի կառավարութեան: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք անիկա անակնկալ պիտի ըլլա՞յ նախարարներուն համար, Յակոբեան յայտարարեց, որ չի կարծեր, թէ իշխանութիւններուն կարելի պիտի ըլլայ զարմացնել, սակայն, ամէն պարագայի, անիկա պիտի փոխանցուի:

