Նախագահ Սարգսեան Շնորհաւորեց Բրիտանիոյ Ազգային Տօնը

6727_bԲրիտանիոյ ազգային տօնին` Էլիզապէթ Բ. թագուհիի ծննդեան պաշտօնական օրուան առիթով` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան  շնորհաւորական ուղերձ յղեց Բրիտանիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիին եւ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնին: Նախագահը տօնին առիթով բարեմաղթութիւններ յղեց թագուհիին, արքայական ընտանիքին եւ բրիտանացի ժողովուրդին եւ վստահութիւն յայտնեց, որ բնականոն կերպով զարգացող հայ-բրիտանական յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն ընդլայնուիլ եւ խորանալ` ի նպաստ երկու ժողովուրդներու բարօրութեան: Վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնին ուղղուած շնորհաւորական ուղերձին մէջ Սերժ Սարգսեան համոզում յայտնեց, որ միացեալ ջանքերով կարելի պիտի ըլլայ նպաստել Հայաստանի եւ Բրիտանիոյ միջեւ առկայ բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման` նոր հեռանկարներ ստեղծելով համագործակցութեան հետագայ զարգացման համար` երկկողմանի, ինչպէս նաեւ բազմակողմանի ձեւաչափերով:

Share this Article
CATEGORIES