Հաղորդագրութիւն

Երէկ ՀՅԴ Տեղեկատու գրասենեակը լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը:

«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն երկուշաբթի, 9 յունիս 2014-ին գումարեց իր ընթացիկ նիստը եւ սերտեց խորհրդարանին այսօրուան նիստին ընթացքին  քննարկուելիք աշխատավարձերու յաւելումի կառավարութեան օրինագիծը:

«Կեդրոնական կոմիտէն որոշեց, որ  Հայկական երեսփոխանական պլոքը մասնակցի խորհրդարանի այսօրուան նիստին եւ զօրակցի այն ծրագիրին, որ կը համապատասխանէ ժողովուրդին ապրուստի պայմանները բարելաւելու ձգտումներուն, ինչպէս նաեւ մղէ կառավարութիւնը` որդեգրելու ընկերային ուղղուածութիւն ունեցող քաղաքականութիւն»:

ՀՅԴ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ.

 

Share this Article
CATEGORIES