2014-ի Մոնտիալ. «Արժանթին Կրնայ Տիրանալ Տիտղոսին» Կ՛ըսէ Մայքըլ Օուըն

0906owenԱնգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Մայքըլ Օուըն, կը հաւատայ, որ Լիոնել Մեսսիի ջանքերուն շնորհիւ անոր կազմը` Արժանթին, կրնայ տիրանալ 2014-ի Մոնտիալի մրցաշարքի տիտղոսին:

«Արժանթին իր կազմին մէջ ունի սքանչելի մարզիկներ, որոնց կարգին` Տի Մարիա, Մեսսի, Հիկուան, Ակուերօ եւ ուրիշներ: Թէեւ պէտք չէ մոռնանք հիւրընկալ երկիրն ալ` Պրազիլը, սակայն կը կարծեմ, որ Մեսսի պիտի փայլի այս Մոնտիալին ընթացքին: Ան պիտի արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերը, իր կազմին` Արժանթինի ապահովելով տիտղոսը», կ՛ըսէ Օուըն, որ 2013-ին լքեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:

Share this Article
CATEGORIES