Ժան Համմամ Եւ Թոնի Խուրի Մասնակցեցան Ասիոյ Ողիմպիական Կոմիտէի Համագումարին

Ժան Համմամ (ձախին) եւ Թոնի Խուրի

Ժան Համմամ (ձախին) եւ Թոնի Խուրի

Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ եւ միջազգային ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ Թոնի Խուրի իրենց մասնակցութիւնը բերին Ասիոյ ողիմպիական կոմիտէի համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Քուէյթի մէջ:

Այս համագումարին օրակարգի գլխաւոր կէտը եղաւ Ասիոյ ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահի ընտրութիւնը` նկատի ունենալով, որ այդ պաշտօնը մնաց թափուր, որովհետեւ Ահմետ Ֆահտ Սապահ ընտրուած էր Ասիոյ ողիմպիական կոմիտէի նախագահ:

Ընտրութիւններուն արդիւնքներուն լոյսին տակ Եու Զայքինկ (Չինաստան) յաջորդեց Սապահի:

Նշենք, որ այս համագումարին զուգահեռ, Համմամ եւ Խուրի յատուկ հանդիպումներ ունեցան նաեւ տարբեր երկիրներու ողիմպիական կոմիտէներու նախագահներուն հետ` քննելով այս մարզը յուզող տարբեր տեսակի հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES