Աուատա Եւ Էլիաս Տիրացան Զօր. Ժան Քահուաժիի Նուիրուած Վազքի 3-րդ Տարեկան Մրցումին

Կազմակերպութեամբ «Էլիթ» ակումբին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ զօր. Ժան Քահուաժիի նուիրուած վազքի 3-րդ մրցումը Շուֆի շրջանին մէջ (16 քմ)` մասնակցութեամբ շուրջ 600 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր ակումբներ եւ միութիւններ:
Տղոց տիտղոսին տիրացաւ Պիլալ Աուատա, որ արձանագրեց 54′ 51″ արդիւնք մը, իսկ աղջկանց տիտղոսակիր հանդիսացաւ Նիքոլ Էլիաս` արձանագրելով 1 ժամ 12′ 08″ արդիւնք մը:
Վերոնշեալ երկուքէն բացի եղան նաեւ այլ մրցանակակիրներ` տարբեր դասակարգերու մէջ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատարին ներկայացուցիչին, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէի եւ այլ անձնաւորութիւններու:
CATEGORIES Մարզական

