Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ Առաջին Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումները կը սկսին այսօր, երբ տեղի կ՛ունենայ յայտագիրին վրայ գտնուող ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ առաջին մրցումը:

Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին:

Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 12 յունիսին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):

Հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի Ռիատի – Մութթահետ մրցումին յաղթականին դէմ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES