Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Տարեկան Ճաշկերոյթը

PROFOTO

PROFOTO

Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Լոս» ճաշարանին մէջ (Պէյթ Մերի), Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը սարքեց իր տարեկան ճաշկերոյթը` ներկայութեամբ բազմաթիւ հրաւիրեալներու:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը կը ներկայացնէր Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, իսկ ներկաներուն կարգին էին կրթութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ, երեսփոխաններ Սիմոն Ապի Ռամիա, Ալեն Աուն, Զիատ Ասուատ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի ներկայացուցիչ Մոհամետ Աուէյտաթ, քաղաքապետեր, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ֆետերասիոններու նախագահներ, հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:

Տինա Նասըր

Տինա Նասըր

Իպրահիմ Քանաան

Իպրահիմ Քանաան

Բացման խօսքով հանդէս գալով Տինա Նասըր շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ներկաներուն բեմ հրաւիրեց կուսակցութեան մարզական յանձնախումբի նախագահ Ժիհատ Սալամէն, որ անդրադառնալով տարուան մը մարզական գործունէութեան շեշտեց այն կարեւոր կէտը, որ մարզաշխարհը պէտք է միշտ հեռու պահել քաղաքական ճղճիմ հաշիւներէն, որոնք կու գան անհամ դարձնելու մարզական իրադարձութիւններն ու կազմակերպուած մրցաշարքերը:

Զօր. Միշել Աունի անունով խօսք առնելով` երեսփոխան Քանաան, վեր առաւ Ժիհատ Սալամէի եւ անոր ղեկավարած յանձնախումբին տարած աշխատանքը` նշելով, որ երբ տեղի կ՛ունենայ մարզական որեւէ տեսակի ձեռնարկ, խտրութիւն չի դրուիր որեւէ կուսակցութեան կամ յարանուանութեան միջեւ, այլ բոլորը կը դասուին մէկ:

Ժիհատ Սալամէ

Ժիհատ Սալամէ

Share this Article
CATEGORIES