Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Իսմայիլ Ահմետ Մէկ Մրցումով Կախակայուեցաւ. Հինգերորդ Մրցումը` Կիրակի, 15 Յունիսին

0906basket-meetingՇարունակելով իր նիստերուն շարքը` երէկ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը Ժալ էլ Տիպի իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր ժողովը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսարի եւ անոր անդամներուն մեծամասնութեան:

Ռիատի Պէյրութի մարզիկներէն Իսմայիլ Ահմետ մէկ մրցումով կախակայուեցաւ` չորրորդ մրցումին ընթացքին կատարուած անկարգապահութիւններուն պատճառով:

Ռիատի Պէյրութ – Սաժես Պէյրութ հինգերորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 15 յունիսին, Մանարայի դաշտին վրայ:

Հիւրընկալ կազմը` Ռիատի, իրաւունք ունի միայն 300 համակիրով այս մրցումը կատարելու: Եթէ թիւը ճշդուածէն աւելի ըլլայ կամ որեւէ անկարգապահութիւն տեղի ունենայ, Ռիատի պիտի հռչակուի պարտուած:

Ինչ կը վերաբերի 6-րդ մրցումին, Սաժես առանց իր համակիրներուն պիտի ճակատի իր դաշտին վրայ: Եթէ անոր համակիրները դաշտ մտնեն կամ անկարգապահութիւն տեղի ունենայ, Սաժես այդ մրցումին պարտուած պիտի հռչակուի:

Եթէ պատահի, որ այդ երկու մրցումներէն ետք արդիւնքը ընթանայ 3-3 հաւասարութեամբ, Մանարայի մէջ տեղի ունենալիք 7-րդ մրցումին գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի փոխանցուին յառաջիկային:

Ինչ կը վերաբերի նախկին ժողովին կախակայուած կարգ մը մարզիկներու, անոնց պատիժները թէեւ չեղեալ նկատուեցան, սակայն Սաժես ստացաւ 43 միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանք մը, մինչ Ռիատի միայն 26 միլիոն լիբանանեան ոսկիով տուգանքի ենթարկուեցաւ:

 

Share this Article
CATEGORIES