Ֆրանսախօս Երկիրներու Ճատրակի 2-րդ Խաղերը Աւարտեցան. Նեպիլ Պատըր Ընտրուեցաւ Միջերկրականեան Երկիրներու Ճատրակի Ֆետերասիոնի Նախագահ

Նեպիլ Պատըր (աջին) յատուկ յուշանուէր մը կը յանձնէ Քիրսան Իլիումժինովի

Նեպիլ Պատըր (աջին) յատուկ յուշանուէր մը կը յանձնէ Քիրսան Իլիումժինովի

30 մայիսէն 9 յունիս Լիբանան հիւրընկալեց Ֆրանսախօս երկիրներու ճատրակի 2-րդ խաղերը` մասնակցութեամբ 68 երկսեռ ճատրակ խաղացողներու:

Պէյրութի Ժընահ շրջանին մէջ գտնուող «Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկի «Կալերիա» սրահին մէջ կիրակի, 8 յունիսին տեղի ունեցաւ այս մրցաշարքին պաշտօնական փակումը եւ մրցանակաբաշխութիւնը:

Այս առիթով իր անձնական օդանաւով Լիբանան ժամանեց ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրսան Իլիումժինով, որ օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Նեպիլ Պատըրի եւ անոր անդամներուն կողմէ:

Առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով` տիտղոսին տիրացաւ եգիպտացի Իսամ Ժընտի: Ապա յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին` լիբանանցի Ֆայսալ Խէյրալլա (7,5 կէտ) եւ Իկոր Էֆիմով (Մոնաքօ, 7 կէտ):

Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցաշարքին, տիտղոսին տիրացաւ այլ եգիպտացի մը` Մունա Խալետ (5,5 կէտ): Ապա յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին լիբանանցիներ Մայա Ժալլուլ (5,5 կէտ) եւ Քնարիկ Մուրատեան (5):

Մրցաշարքին մասնակցեցան նաեւ այլ հայեր` հետեւեալ ձեւով. Գրիգոր Օգնայեան (4,5 կէտ), Տանիէլ Պետրոսեան (3,5 կէտ) եւ Հրակ Լախեան (3,5 կէտ):

Գլխաւոր մրցաշարքին կողքին տեղի ունեցաւ նաեւ պլիթցի մրցաշարքը, որ աւարտեցաւ լիբանանցի Ֆատի Իտի յաղթանակով (7,5 կէտ): Ապա` Իսամ Ժընտի (7 կէտ) եւ Ռիշար Կերպըր (Զուիցերիա, 7 կէտ):

Նշենք, որ մրցանակաբաշխութեան ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Նեպիլ Պատըր ընտրուեցաւ Միջերկրականեան երկիրներու ճատրակի ֆետերասիոնի նոր նախագահ: Լուրը արժանացաւ ներկաներուն ծափողջոյններուն:

Մրցաշարքին գլխաւոր իրաւարարն էր Չարլզ Քէյլի, իսկ անոր օգնականը` Էլի Հուլիշեան:

Share this Article
CATEGORIES