Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Օրուան աշխատանքները կատարեցէք առանց աճապարանքի, որպէսզի սխալ մը չգործէք կամ մոռացում մը չունենաք: Հանդարտութեամբ շարժեցէք, հեռու աղմուկէ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պիտի լսէք լուր մը, որուն հաւաստիութեան կը կասկածիք, հետեւաբար դիմեցէք ճիշդ աղբիւրին, որպէսզի ձեր մտահոգութիւնը փարատի: Օրը բարի է:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մի՛ կարծէք, որ ձեր աշխատանքները զուր պիտի անցնին, ընդհակառա՛կը, պիտի լսէք քաջալերական եւ երախտագիտական արտայայտութիւններ: Ինքնավստահութեամբ գործեցէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Երբ ձեր ակնկալած խոստումը տակաւին չէ յարգուած, դուք հետաքրքրուեցէք որպէսզի իմանաք պատճառը: Կեանքի մէջ անսպասելի անակնկալներ կան:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր տնային հաշիւները պիտի չհամընկնին շուկայի հաշիւին: Պիտի նկատէք յաւելեալ աճ գիներու վրայ, հետեւաբար յետաձգեցէք ձեր ծրագիրը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Գնահատելի աշխատանք մը պիտի կիրարկէք, որուն աւարտելուն դուք պիտի զարմանաք: Ձեռնհասութեամբ գործուած աշխատանքները միշտ կը յաջողին:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Երազներ ունիք, մաս մը իրականացած են, բայց համբերութիւն պէտք է ունենաք նոր տեղեկութիւններ քաղելու ձեր ծրագրած հարցերուն մասին:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կը դժգոհիք որ օրերը կ՛անցնին միօրինակ: Ձեզի կը վերաբերի նորութիւններ ստեղծելու կամքը եւ կարելիութիւնը: Եթէ յուսահատի նման նստիք, ոչինչ կ՛ունենաք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
«Բարիք ըրէ, ծովը նետէ» ասացուածքին հետեւէ: Ձեր ուզած ամէն բարիք, նոյն օրը չէք կրնար ունենալ: Լաւ գիտցէք, որ բարիքը յետին նպատակով չ՛ըլլար:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հոգեւոր արթնութեան տրամադրութիւն պիտի ունենաք: Հեռու մնացէք միտքը եւ մարմինը յոգնեցնող փափաքներէ: Նախախնամութեան վստահիլն է կարեւորը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր արդար աշխատանքին արդար հատուցումը պիտի ստանաք: Օրը ունի ձեր ակնկալածէն աւելի հաճելի եւ յուսատու իրողութիւններ: Անհոգ եւ ուրախ եղէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Վիճակահանութեան տոմս մը կրնայ յոյս ներշնչել ձեզի ապագայի նկատմամբ: Օրուան տաղտուկները մէկ կողմ դրէք եւ յոյսով շնչեցէք: Այսպիսով երջանիկ կ՛ըլլաք:

 

Share this Article
CATEGORIES