50 Տարի Առաջ (11 Յունիս 1964)

Իմաստուն Խօսքեր

– Կորովը կորսնցնողը ամէն ինչ կը կորսնցնէ:

– Կրօնը անտեսանելի շղթայ մըն է, որ երկինքը կը միացնէ երկրին հետ:

– Բոլոր մարդոցմէ իր կեանքը ամէնէն շատ վայելողը բարեգործութիւն ընող մարդն է:

– Երբեք նոյն դուռէն չեն անցնիր աշխատանքը եւ ձանձրոյթը:

– Հանգչելէ առաջ պէտք է քրտինք թափել, որպէսզի հանգիստը արժէք ունենայ:

– Միայն մեռելներն են, որ յոյս չունին:

– Ամուսնութեան դէմ պայքարելու տեղ պէտք է պայքարիլ ամուսնացողներու դէմ:

– Բարիք ըրէ` ծովը ձգէ: Եթէ ձուկերը չիմանան, Աստուած պիտի իմանայ:

– Զարդերը որոշ գին մը ունին, մինչդեռ խրատը անգին է:

– Թերութիւններ ունեցող մարդը չէ, որ արժանի է արհամարհանքի, այլ` առաքինութիւններէ զուրկ եղողը:

– Լաւ հայրը չի բարկանար իր զաւակին:

– Գործը մարդը թագաւոր կ՛ընէ:

– Տգիտութիւնը մարդոց ամէնէն մեծ հիւանդութիւնն է:

– Մարդու մը ապագան գրուած է իր անցեալին մէջ:

– Մարդ իմաստուն է, այնքան ատեն որ կը փնտռէ իմաստութիւնը: Երբ կ՛ըսէ, թէ զայն գտաւ, յիմար է:

– Համբերութիւնը դժուար արուեստ մըն է: Կիները չեն կրնար զայն սորվիլ, բայց կը սորվեցնեն:

 

Հաղորդագրութիւն

Իշխանական Նուիրատուութիւն Մը
Մեծի Տանն Կաթողիկոսարանիս

Մեծ ուրախութեամբ կը ծանուցենք մեր սիրեցեալ ժողովրդեան, որ պատուական հայ ամոլ մը` տէր եւ տիկին Վարդգէս եւ Աստղիկ Սարաֆեաններ, ինքնաբուխ մտածումով եւ հոգեկան խոր գոհունակութեամբ, Անթիլիասի մայր տաճարիս հիւսիսային կողմը գտնուող նարնջաստանը` 1100 քառակուսի մեթր տարածութեամբ հողամաս մը, գնելու եւ կաթողիկոսարանիս նուիրելու առաջադրութեամբ 55,00 (յիսուն հինգ հազար) լիբ. ոսկի տրամադրեցին Ս. Աթոռիս վեհափառ հայրապետ Խորէն Ա. կաթողիկոսին:

Այսու բարձրօրէն կը գնահատենք իշխանական նուիրատուութիւնը, որով կարելի կը դառնայ տարիներէ ի վեր փափաքուած հողը գնելու, վանքին շրջափակը ընդարձակելու եւ նորանոր շինութիւններով կաթողիկոսարանս պայծառացնելու:

Ազնուասիրտ նուիրատու եւ բարերար տէր եւ տիկին Վարդգէս եւ Աստղիկ Սարաֆեաններուն կը յայտնենք մեր ջերմագին շնորհակալութիւնները եւ իրենց ի բոլոր սրտէ կը մաղթենք քաջառողջ, երկար եւ երջանկալից կեանք եւ բարի գործոց յաջողութիւն:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

10  յունիս 1964
Անթիլիաս

 

 

Share this Article
CATEGORIES