Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Ընդառաջ
Հայութեան Դիմագրաւած Մարտահրաւէրներուն Վերաբերող
Դասախօսական Հանդիպում

shahan-072jpgՀայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կից Հայկական լրատուամիջոցներու համակարգող խորհուրդի նախագահ, «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեան հինգշաբթի, 29 մայիսին` հրաւէրով Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանի, դասախօսեց ցեղասպանագիտութեան եւ սփիւռքագիտութեան մագիստրոսի ծրագիրի ուսանողներուն: Դասախօսութեան ներկայ էին նաեւ հիմնարկի գիտաշխատողներ` Հայ-քրտական առնչութիւններու բաժնի ղեկավար Վահրամ Պետրոսեանը, նոյն բաժնի գիտաշխատող Սարգիս Գրիգորեանը, Հայ-օսմանական առնչութիւններու բաժնի ղեկավար Լուսինէ Սահակեանը: Դասախօսական հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան եւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի Կեդրոնական յանձնախումբի նախագահ Եսայի Հաւաթեան: Դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան անդրադարձաւ ուսանողներու հետ նման հանդիպումներու կարեւորութեան: Շահան Գանտահարեան դասախօսեց 100-ամեակի ընդառաջ Անգարայի ձեռնարկած քարոզչաքաղաքական գործողութիւններուն եւ անոնց դիմաց հայկական դաշտի հակազդեցութեան ու նախաձեռնողականութեան անհրաժեշտութեան մասին: Սեդա Խտըշեան եւ Եսայի Հաւաթեան յաջորդաբար զեկուցեցին Ցեղասպանութեան եւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակներուն առիթով կատարուող աշխատանքներուն մասին: Գիտաշխատողներն ու ուսանողները հարցումներով եւ տեսակէտներով մասնակցեցան զեկուցումներուն յաջորդած քննարկումներուն: Սփիւռքահայ գործիչները բարձր գնահատեցին ԵՊՀ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկին գործունէութիւնը` ընդգծելով անոր ռազմավարական նշանակութիւնը հայագիտութեան զարգացման եւ մասնագիտացուած մարդուժ պատրաստելու առումով:

 Հայաստանի Անկախութեան Առիթով
Պարգեւատրումներ

Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով սփիւռքահայ գործիչներ պարգեւատրուեցան եւ մետալներու արժանացան`  հայրենիք-սփիւռք կապերու զարգացման, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան իմաստով ունեցած ներդրումին համար:

Լիբանանէն «Մովսէս Խորենացի»-ի մետալին արժանացան` Անդրանիկ Ծ. վարդապետ Կռանեան («Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագիր, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Զմմառու միաբանութեան անդամ), Երուանդ Քասունի (պատմաբան, հայագէտ), Զաւէն Մսըրլեան (հայագէտ, Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն): Սուրիայէն` Շահան արք. Սարգիսեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Բերիոյ թեմի առաջնորդ), Ժիրայր Ռէիսեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Բերիոյ թեմի մամլոյ քարտուղար, Հայ կաթողիկէ, Հայ աւետարանական համայնքներու ընդհանուր խօսնակ), Արմաշ եպս. Նալբանդեան (Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ), Անդրանիկ Ծ. վարդապետ Այվազեան (Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ճեզիրէի շրջանի առաջնորդական փոխանորդ), Պետրոս արք. Միրիաթեան (Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Բերիոյ թեմի առաջնորդ), Կարապետ Եուզպաշեան (համայնքային գործիչ), Ներսէս Ներսոյեան (ՀԲԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանակային վարչութեան ատենապետ),

Ֆրանսայէն` Մուրատ Փափազեան («Հայաստան» թերթի խմբագիր, ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի Փարիզի մասնաճիւղի համանախագահ), Սարգիս Պետոյեան (բարերար, Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Հայոց թեմի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ), Կարապետ Տագէսեան (գիտնական, գրող), Միացեալ Նահանգներէն` Յակոբ Վարդիվառեան  («Թէքէեան» մշակութային միութեան Ամերիկայի եւ Քանատայի Կեդրոնական վարչութեան անդամ), Յորդանանէն` Ներսէս Ներսէսեան (Ամմանի ազգային մարզական միութեան ատենապետ):

Լիբանանէն «Անանիա Շիրակացի»-ի մետալ ստացան Վահէ Թիւթիւնճեան (Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան համանախագահ), Քանատայէն` Վահրամ Փիրջանեան (Հայկական առեւտրական ցանցի նախագահ):

Սուրիայէն «Մխիթար Հերացի»-ի մետալով պարգեւատրուեցան Հանրի Արսլանեան (ՀԲԸՄ-ի անդամ), Ներսէս Սարգիսեան (համայնքային գործիչ) եւ Յակոբ Օգճեան (համայնքային գործիչ), Քանատայէն` Վաղարշակ Էհրամճեան («Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ), Աւստրալիայէն` Րաֆֆի Գասապեան (վիրաբուժ):

«Մխիթար Գոշ»-ի մետալներ ստացան Միացեալ Նահանգներէն` Փոլ Գրիգորեան (Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ), Պրազիլէն` Հիլտա Տիրուհի Փուրմանեան (Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոս), Ռուսիայէն` Աղասի Ալեքեան (Նիժնի Նովկորոտի քաղաքային խորհուրդի նախագահի օգնական, «Նիժնի Նովկորոտի հայ համայնք» կազմակերպութեան խորհուրդի նախագահ), Ալեքսան Կոշտոյեան (Ռուսիոյ հայերու միութեան Կուրսկի տարածաշրջանային բաժանմունքի նախագահ), Արտուշ Ղարիպեան (Ռուսիոյ հայերու միութեան Իվանովոյի տարածաշրջանային բաժանմունքի նախագահ):

Յարութ Սասունեան Եւ Առողջապահութեան Նախարարը
Քննարկած Են Տրամադրուող Օժանդակութեան Որակը

Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեան ընդունած է Միացեալ հայկական հիմնադրամի նախագահ Յարութ Սասունեանը, որուն հետ քննարկած է առողջապահութեան ոլորտին վերաբերող եւ մասնաւորապէս Հայաստանին տրամադրուող բժշկական օգնութեան որակի ապահովման հարցը:

Նախարարը բարձր գնահատած եւ շնորհակալութիւն յայտնած է բարերարին` երկարամեայ հայրենանպաստ գործունէութեան համար:

Անդրադառնալով Հայաստանի բնակչութիւնը անվճար դեղերով եւ բժշկական պարագաներով ապահովելու իմաստով Յարութ Սասունեանի մեծ ներդրման` Արմէն Մուրադեան նշած է, որ տրամադրուող սարքաւորումներուն առնչութեամբ նախ եւ առաջ հերթին կարեւոր է նկատի ունենալ անոնց որակը եւ պիտանիութեան ժամկէտը:

Անոր համաձայն, սարքաւորումներով բժշկական հաստատութիւններու համալրումը պէտք չէ ինքնանպատակ ըլլայ, քանի որ այդ պարագային արդիւնաւէտ կերպով չեն օգտագործուիր տրամադրուած ժամանակը, ֆինանսական միջոցները, ինչպէս նաեւ մարդոց վստահութիւնը կարելի չ՛ըլլար ունենալ:

Առողջապահութեան նախարարը կարեւոր նկատած է նաեւ բնակչութեան տրամադրուող դեղերու օգտագործման գործընթացներու եւ ժամկէտներու քննութիւնը, նկատի առնելով, որ ոչ միայն Երեւանի, այլ նաեւ մարզային բազմաթիւ բժշկական հաստատութիւններ ապահովուած են նորագոյն սարքաւորումներով:

Յարութ Սասունեան նշած է, որ շուրջ 25 տարիէ ի վեր կ՛աշխատի պետական տարբեր կառոյցներու հետ, սակայն ամենասերտ համագործակցութիւնը առողջապահութեան նախարարութեան հետ է:

«Կարեւոր է, որ հայկական կողմն ալ որոշէ, թէ ո՛ր գործիքները պիտանի են, որոնք` ոչ, որպէսզի ի գործ դրուած ճիգերը եւ միջոցները ծառայեն իրենց նպատակին: Աւելի լաւ է 1000 սարքաւորումէ կամ դեղերէ ընտրուին 500-ը, 1-ը կամ առհասարակ չընտրուին, քան ընտրուի որեւէ բան, որ պիտանի չէ», ըսած է Յարութ Սասունեան:

Արմէն Մուրադեան Միացեալ հայկական հիմնադրամի նախագահին առաջարկած է ստեղծել միասնական յանձնաժողով, որ պիտի կարենայ կատարել ներածուող սարքաւորումներու եւ դեղերու գնահատում` ոչ միայն ֆինանսական, այլեւ պիտանիութեան ժամկէտի եւ վերաբաշխման տեսանկիւնէ:

Առողջապահութեան նախարարին գործնական առաջարկը ողջունած է Յարութ Սասունեան: Յանձնաժողովին մաս պիտի կազմեն նաեւ իր կողմէ առաջարկուած ներկայացուցիչներ:

Նշենք, որ նախօրէին, ուշ երեկոյեան Արմէն Մուրադեան Յարութ Սասունեանին հետ այցելած էր մարդասիրական կեդրոն` ծանօթանալու արդէն մաքսազերծուած սարքաւորումներուն:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան կարելիութիւնները` դիմադրողականութեան զօրացման եւ կարգ մը հիւանդութիւններու կանխարգիլման ծրագիրներու իրականացման ուղղութեամբ:

Ուշիի Մէջ Մեծ Շուքով Բացումը Կատարուեցաւ
Գիւղի Մշակոյթի Տան

osi-007Յունիս 1-ին Արագածոտնի մարզի Ուշի գիւղին մէջ իսկական տօն էր: Գիւղի դպրոցի, գրադարանի, մարզադաշտի վերանորոգումէն ետք վերաբացուեցաւ մշակոյթի տունը: Բացման արարողութեան յաջորդեց յատուկ յայտագիր մը, որուն ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ թորոնթահայեր, որոնք իրենց գործնական մասնակցութիւնը բերած էին այս աշխատանքին:

Ներկայ էին մշակոյթի նախարարութենէն` նախարարի տեղակալ Արթուր Պօղոսեանը եւ նոյն նախարարութեան ժամանակակից արուեստի վարչութեան պետ` Սէյրանուհի Գեղամեանը, Արագածոտնի մարզպետ` Սարգիս Սահակեանը, գիւղերու հոգեւոր հովիւ Եփրեմ քհնյ. Զարգարեանը,  գլխաւոր հովանաւորներէն Սիմոն եւ Մարալ Հասըրճեանները` Թորոնթոյէն, Ռալֆ եւ Արմիկ Եիրիկեանները` Երեւանէն եւ Գարեգին եւ Մարալ Օտապաշեանները` դարձեալ Երեւանէն, գրողներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ այս գործին հաւատացող եւ նեցուկ կանգնող բազմաթիւ սփիւռքահայեր եւ ուշեցիներ:

osi-010Օրուան հանդիսավարն էր Մարգար Շարապխանեանը, որ եօթը տարի առաջ Քանատայէն ներգաղթելէ եւ այս գիւղին մէջ հաստատուելէ ետք մղիչ եւ համախմբող ուժը դարձաւ այս գիւղին մէջ` մէկտեղելով սփիւռքի եւ տեղական կարելիութիւնները, բազմաթիւ բարեփոխումներ իրականացնելու համար:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ան նշեց, որ Ուշիի մշակոյթի տան վերաբացումը կը կատարուի 28 մայիսի ամէնէն մօտիկ կիրակի օրը, յուսալով, որ այսպիսով շրջանն ալ պիտի ապրի յարութիւն եւ վերածնունդ: «Մեր գիւղի բարելաւման աշխատանքները հիանալի դրսեւորումն են սփիւռք եւ Հայաստան միասնական ջանքերով, բոլորիս հայրենիքին մէջ բան մը փոխելու դէպի լաւը: Կ’ուզեմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել այն բոլոր հայորդիներուն, որոնք խմբուեցան այս աշխատանքին շուրջ: Սկսանք մեր դպրոցէն` մեր ապագայ սերունդի դարբնոցէն եւ ապա կազմեցինք մեր համայնքին հրատապ հարցերու ցանկը  եւ ձեր օգնութեամբ կը շարունակենք քայլ առ քայլ առաջ երթալ` լուծելու համար մեր գիւղի զանազան խնդիրները, խմելու ջուրէն մինչեւ ոռոգման ջուր, լուսաւորութենէն մինչեւ տուներու եւ փողոցներու համարակալում, մեր երէցներու եւ երիտասարդներու հանդիպման վայր, մշակոյթի տուն եւ այլն», ըսաւ ան:

Անոր համաձայն, գիւղին մէջ տակաւին կան բազմաթիւ իրագործելի խնդիրներ` կուպրապատում, մանկապարտէզ, գիւղապետարանի վերանորոգում, հրապարակի կարգաւորում, բերքի իրացման կեդրոնի ստեղծում եւ այլն, որոնց իրականացումը եւս կարելի պիտի ըլլայ միացեալ ջանքերով:

Այս առիթով խօսք առին նաեւ մշակոյթի նախարարի տեղակալը, մարզպետը, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը, Աւիկ Իսահակեանը, Ռոզա Սարեանը, Մարգրիտ Խաչատրեանը, թորոնթահայ Յակոբ Ճանպազեանը եւ ուրիշներ: Օրուան պատգամը փոխանցեց երեւանաբնակ Րաֆֆի Տուտագլեանը: Գեղարուեստական յայտագիրը բաղկացած էր բացառապէս ուշեցի երեխաներու եւ պատանիներու ելոյթներով:

Մշակոյթի տան վերաբացման առիթով Հայաստանի մշակոյթի նախարարը Մարգար Շարապխանեանը պարգեւատրեց նախարարութեան «Հայ մշակոյթի հանդէպ ունեցած նուիրումին եւ ծառայութիւններին համար» պատուոյ գիրով:

Արագածոտնի մարզպետը իր խօսքին մէջ, ի դէմս Մարգար եւ Էլիզ Շարապխանեաններուն, կարեւոր նկատեց սփիւռքահայերուն դերը, դիտել տալով, որ Շարապխանեանները շատոնց արդէն իրենք զիրենք կը նկատեն ուշեցիներ, եւ անոնց կազմակերպչական աշխատանքին շնորհիւ Ուշիի մէջ ձեւաւորուած է համայնք մը, որ կը փորձէ տէր կանգնիլ գիւղին, գիւղացիին կեանքը դարձնել բարեկեցիկ:

Պարարուեստի Մանկավարժութիւն Բաժինի
Աւարտական Հաշուետու Ելոյթ

DSC02195(1)Սովորութիւն դարձած է, որ մշակոյթի բաժանմունքի պարարուեստի մանկավարժութիւն բաժինի շրջանաւարտները իրենց աւարտական քննութիւնը, բացի տեսականէն, կատարեն հրապարակային հաշուետու ելոյթով:

Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ 2013-2014 ուսումնական տարեշրջանի աւարտականները «Պարային խաչմերուկներում» խորագիրով քննութիւն-ներկայացման ընթացքին ներկայացան ոչ միայն կատարողական բարձր վարպետութեամբ, այլ  նաեւ աշխարհի տարբեր ժողովուրդներու ազգային պարերու բեմադրութիւնները հրամցուցին հանդիսատեսին:  Շրջանաւարտները ներկայացուցին` Լիբանանի,  Հայաստանի Յունաստանի, Միացեալ Նահանգներու, Իրանի, Սպանիոյ, Չինաստանի, Պրազիլի, Ուքրանիոյ եւ այլ երկիրներու ազգային պարերը համապատասխան տարազներով, այսպիսով հանդիսատեսին առիթ տալով իւրաքանչիւր երկրի մասին պատկերացում ունենալու:

«Բոլոր ազգերը համայն մարդկութեան գոյատեւման մէջ կը ներկայանան առաջին հերթին իրենց մշակոյթով: Պարն ալ ունի իր հոգիի մասնիկը ազգային մշակոյթի պատմութեան էջերուն մէջ եւ դարերու ընթացքին անցնելով որոշ հանգրուաններէ` ահաւասիկ կու գայ ու կը հասնի մեզի», իր խօսքին մէջ նշեց պարարուեստի մանկավարժութիւն ամպիոնի վարիչ Կարէն Գէորգեանը: Ան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսական կազմին, ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանին, «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեանին` իրենց աջակցութեան համար:

Արամ Խաչատրեանի Անուան Մրցումի 10-Ամեակ

Արամ Խաչատրեանի անուան մրցումը արդէն մէկ տասնամեակի պատմութիւն ունի: Անուանի երգահանի ծննդեան օրը` 6 յունիսին սկսաւ Խաչատրեանի անուան յոբելենական մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ: Այս տարուան մրցումը յատկացուած է դաշնակի մասնագիտութեամբ շնորհալի երիտասարդ երաժիշտներու բացայայտման: Երեւան այս առիթով պիտի հիւրընկալէ բազմաթիւ օտար հիւրեր` դատական կազմի անդամներ, մասնակիցներ, հիւրեր եւ պարզ երաժշտասէրներ:

Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Արթուր Պօղոսեան այս առիթով շնորհաւորած է ներկաները: «Ընթացք կ’առնէ Խաչատրեանի անուան մրցոյթը, որը մեր մշակութային թոհուբոհի մէջ իսկապէս մեծ իրադարձութիւն է: Այս տարուան իրադարձութիւնը քանի մը առանձնայատկութիւններ ունի: Նախ` անիկա յոբելենական է: Այս տարիներու ընթացքին մասնակիցներուն թիւը աշխարհագրական առումով մեծ աճ արձանագրած է: Մշակոյթի նախարարութիւնը Խաչատրեանի 110-րդ յոբելեանի առթիւ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ կատարեց ամբողջ աշխարհին մէջ` աշխարհին մատուցելով Խաչատրեանի արուեստը: Բազմաթիւ նուագահանդէսներ ունեցանք», դիտել տուած է Արթուր Պօղոսեան:

Անոր համաձայն, այս տարի մասնակիցներուն թիւը բաւական մեծ է, իսկ դատական կազմին մէջ նշանաւոր մասնագէտներ կան: Արամ Խաչատրեանի անուան միջազգային 10-րդ մրցումի նախագահ, միջազգային մրցումներուն դափնեկիր Արմէն Բաբախանեանը ընդգծած է, որ Խաչատրեանի մրցումը իւրօրինակ տօն է: «Ասիկա իւրայատուկ մրցոյթ է: Ամէն տարի մրցոյթը կ’ունենայ լուրջ աճ, կ’ընդարձակուի աշխարհագրութիւնը: Այս տարի պիտի ներկայացուին տարբեր ոճի ստեղծագործութիւններ, իսկ եզրափակիչ հանգրուանին պիտի հնչեն երկու դաշնամուրային քոնչերթոներ` Խաչատրեանի եւ մէկ այլ երաժշտահանի ստեղծագործութիւն` մասնակիցին ընտրութեամբ: Բարձրացած է նաեւ միջազգային դատական կազմի անդամներուն թիւը»: Անոր համաձայն, ներկայացուած է 50 դիմում, իսկ դատական կազմը ընտրած է 26 մասնակից:

Արամ Խաչատրեան մշակութային հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Աննա Տէր Յովակիմեան նշած է, որ բոլոր մրցութային նուագահանդէսները առցանց պիտի ցուցադրուին մրցումի պաշտօնական կայքին վրայ: «Առաջին դիրքը գրաւող մասնակիցը պիտի ստանայ 15 հազար տոլար, երկրորդը` 10, իսկ երրորդը` 5 հազար տոլար մրցանակ», աւելցուցած է Տէր Յովակիմեան:

Մրցումին բացումը կատարուեցաւ 6 յունիսին` Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի եւ բազմաթիւ միջազգային մրցումներու դափնեկիր, Արամ Խաչատրեանի անուան դաշնակահարներու միջազգային մրցումի դատական կազմի նախագահ դաշնակահար Արմէն Բաբախանեանի ելոյթներով:

Նոյն օրը Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի անունով ծաղկեպսակ զետեղուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ գտնուող Արամ Խաչատրեանի շիրիմին վրայ` նշանաւոր երգահանին ծննդեան 111-ամեակին առիթով:

Արաբական Էմիրութիւններու Գործարարներ Հայաստանի Մէջ

Հայաստանի փոխվարչապետ, Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահ Արմէն Գէորգեան 3 յունիսին ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն ժամանած գործարարներու պատուիրակութիւնը` Ապու Տապիի առեւտուրի պալատի խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Թենի Մորշետ Ռումայտիի գլխաւորութեամբ:

Փոխվարչապետը ողջունեց պատուիրակութեան Հայաստան այցելութիւնը` ընդգծելով, որ Հայաստան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ յարաբերութիւններու զարգացումը կը նկատէ համագործակցութեան կարեւոր ուղղութիւն եւ մեծ արժէք կու տայ երկկողմանի առեւտրատնտեսական կապերու սերտացման: «Երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի ոլորտին մէջ արդէն բաւականաչափ փորձառութիւն եւ ձեռքբերումներ կան, կարեւոր կը նկատենք նաեւ տնտեսական եւ ներդրումային ոլորտներուն մէջ փոխգործակցութիւնը, որուն զարգացման համար, կը կարծեմ, մեծ ներուժ կայ», յայտնեց փոխվարչապետը:

Արմէն Գէորգեան ողջունեց նաեւ Հայաստանի մէջ դեսպանատուն հաստատելու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մտադրութիւնը` ընդգծելով դիւանագիտական ներկայացուցչութեան կարեւոր դերը առեւտրատնտեսական կապերու զարգացման իմաստով:

Ա. Գէորգեան ներկայացուց տնտեսութեան այն ուղղութիւնները, որոնք կրնան հետաքրքրական ըլլալ երկկողմանի համագործակցութեան համար, մասնաւորապէս նշելով գիւղատնտեսութեան, սնունդի արդիւնաբերութեան, զբօսաշրջութեան, շինարարութեան եւ շինանիւթերու արտադրութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, ոսկերչութեան, ելեկտրականութեան, քիմիական արդիւնաբերութեան ոլորտները:

Ան ընդգծեց, որ կառավարութիւնը պատրաստ է աջակցելու երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական կապերու զարգացման ծառայող գործնական ծրագիրներու ու նախաձեռնութիւններու իրականացման:

Արաբական պատուիրակութեան ղեկավարը յայտնեց, որ նպատակ ունի ծանօթանալու ներդրումային կարելիութիւններուն եւ բացայայտելու գործակցութեան ուղղութիւնները:

«Որպէս սեփական մարզի ընկերութիւններ` մենք բաւական լուրջ տրամադրուած ենք Հայաստանի սեփական մարզին հետ համագործակցութեան առնչութեամբ», ընդգծեց ան:

Պատուիրակութեան ղեկավարը վստահութիւն յայտնեց այն մասին, որ երկու երկիրներուն միջեւ շարունակական համագործակցութեան համար լաւ հիմք պիտի ապահովէ նաեւ այդ հանդիպումին ծիրին մէջ Հայաստանի առեւտրա- արդիւնաբերական պալատին եւ Ապու Տապիի առեւտուրի պալատին միջեւ ստորագրուելիք համագործակցութեան համաձայնագիրը:

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES