Նշմար. Կուշտը Անօթիին Վիճակէն Չի Հասկնար

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

1106vahoՎաղը ընթացք կ՛առնէ ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն անհամբեր կը սպասեն միլիոնաւոր մարդիկ: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Պրազիլի մէջ, որուն իշխանութիւնները կը յուսան տնտեսական մեծ յառաջընթաց արձանագրած եւ քաղաքական ախորժակներ ունեցող իրենց երկրին վարկը բարձրացնել, սակայն մրցաշարքի հիւրընկալման համար նախատեսուած կառոյցներուն վրայ աշխատանքներու ընթացքին արձանագրուած արկածները, զոհերը, ինչպէս նաեւ Սան Փաուլոյի մէջ կառուցուող երկաթուղիին մրցաշարքէն մէկ օր առաջ տակաւին անաւարտ ըլլալու իրողութիւնը դրական կերպով չէին կրնար ընկալուիլ եւ ապիկարութեան տպաւորութիւն ստեղծեցին, ինչ որ հարցականի տակ առաւ 2016-ի Ողիմպիական խաղերը պատշաճ կերպով կազմակերպելու Պրազիլի կարողութիւնը:

Մրցաշարքը նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրեց երկրին մէջ տիրող անհաւասարութեան եւ ընկերային անարդարութեան վրայ: Անցեալ տարի աւելի քան մէկ միլիոն քաղաքացիներ Պրազիլի մեծագոյն քաղաքներուն մէջ բողոքի ցոյց կատարեցին` իրենց զայրոյթը արտայայտելով ի տես ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան եւ 2016-ի Ողիմպիական խաղերուն հիւրընկալման համար ծախսուած-ծախսուող հսկայական գումարներուն: Տակաւին վերջերս հազարաւոր անտուն գործաւորներ խաղաղ քայլարշաւ մը կատարեցին դէպի «Արենա Քորինթիանզ» մարզադաշտ, ուր տեղի պիտի ունենայ աշխարհի ախոյեանութեան բացման խաղը: Անոնք կառավարութենէն պահանջեցին փոխադրամիջոցներու, առողջութեան, կրթութեան եւ աժան բնակարաններու ապահովման համար յաւելեալ գումարներ յատկացնել: Փոխադրամիջոցներու պաշտօնեաները իրենց կարգին քանի մը օր առաջ երթեւեկը ջլատող գործադուլ մը կատարեցին` պահանջելով աւելի քան 12 առ հարիւրի յաւելում մը եւ մերժելով կառավարութեան առաջարկած 8 առ հարիւրի յաւելումը:

Երկրին մէջ ամէնուրեք աշխարհի ախոյեանութեան եւ կառավարութեան դէմ որմնանկարներ գոյութիւն ունին: Անոնցմէ մէկը կը ներկայացնէ երեխայ մը, որ կու լայ, որովհետեւ պնակին մէջ անոր սպասած կերակուրին փոխարէն ֆութպոլի գնդակ դրած են: Պրազիլական օրաթերթերը եւս նոյնօրինակ երգիծանկարներ հրատարակեցին:

Երկրին կառավարութիւնը իր տրամադրութեան տակ եղած այդ հսկայական գումարները կրնար երկրին մեծաթիւ աղքատ եւ գործազուրկ դասակարգի տխուր վիճակին բարելաւման տրամադրել, սակայն նախընտրեց այդ գումարները մսխել ժամանակաւոր փառքի մը վրայ, որ արձանագրուած բացթողումներուն եւ արկածներուն պատճառով արդէն մեծապէս կորսնցուցած է իր փայլքը: Կառավարութիւնն ու ունեւոր դասակարգը իրենց ընթացքով երկրին մէջ տեղի ունեցող մրցաշարքը ատելի դարձուցին այլապէս ֆութպոլի սիրահար ժողովուրդին: Ֆութպոլը, որ խեղճ ժողովուրդին ցաւերը կը մոռցնէր, այժմ վերածուած է անոր վէրքին վրայ դրուած աղի: Ճշմարիտ է այն խօսքը, որ կ՛ըսէ, թէ «կուշտը անօթիին վիճակէն չի հասկնար»:

Պրազիլի կառավարութիւնը անախորժ ցոյցեր կանխարգիլելու նպատակով ապահովական միջոցառումները ամրապնդած է, սակայն ատիկա անկասկած բաւարար պիտի չըլլայ զսպելու խելագարուած ամբոխը, եթէ այս բոլորէն ետք երկրին ազգային խումբն ալ չկարենայ մինչեւ աւարտական հանգրուան հասնիլ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES