Գեղարուեստական – Դաստիարակչական Երեկոյ` Ծէսին Նուիրուած Յոբելենական Տարուան Առիթով
Շաբաթ, 7 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պուրճ Համուտի ՀԿՄ-ի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան կազմակերպած` ծէսին նուիրուած յոբելենական տարուան նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական-դաստիարակչական երեկոյ մը:
Երեկոյին բացումը կատարեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, որ նշեց, թէ շատ յաճախ հաւատացեալները եկեղեցական արարողութիւններուն եւ ծէսերուն կը մասնակցին չյագեցած: Այս գծով գերապայծառ Մանուէլ եպս. Պաթաքեան մտահոգութիւն յայտնած է, այդ մտահոգութեան իբրեւ արդիւնք ստեղծուեցաւ յանձնախումբ մը, որ անմիջապէս մշակեց համապատասխան ծրագիր` հայ հաւատացեալներուն ծանօթացնելու քրիստոնէական եկեղեցւոյ ծէսը, եւ այս ձեռնարկը այդ ծրագիրին հիմնական կէտերէն մէկն էր: Հայր Վարդան Գազանճեան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին այս երեկոյին յաջողութեան, ան մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց լրատուամիջոցներուն եւ մանաւանդ «Թելէ Լիւմիեր» քրիստոնէական պատկերասփիւռի ցանցի ծիրին մէջ նոր ստեղծուած «Նուր Էլ Շապապ» կայանին, ուրկէ պիտի սփռուի այս երեկոյին տեսագրութիւնը:
Գեղարուեստական-դաստիարակչական երեկոն բաղկացած էր երկու մասէ: Նախ, հայր Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեանի հեղինակած բեմագրութեան հիման վրայ եւ Յարութ Հարպոյեանի բեմադրութեամբ ներկայացուեցաւ թատերախաղ մը: «Ե՞րբ մկրտենք մեր մանուկը» խորագրեալ ներկայացման մէջ ժողովրդային եւ պարզ ոճով ներկայացուած էր մկրտութեան եւ դրոշմի խորհուրդներուն կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ: Կարճ ներկայացումէն անմիջապէս ետք սրտի խօսք ուղղեց թատերախաղին հեղինակը` հ. Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեան, որ բացատրեց ծէսին նշանակութիւնը: «Ծէսը Աստուծոյ հետ մարդու յարաբերութիւնն է: Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը երկու տեսակ է` անձնական եւ եկեղեցւոյ կողմէ որոշուած, եւ այս վերջինիս ծիրին մէջ կ՛իյնան եկեղեցական արարողութիւններն ու ծէսը», ըսաւ հայր Կռանեան:
Այնուհետեւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Արծիւեան» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի, կատարեց օրուան խորհուրդին յատուկ հայկական շարականներու երգեցողութիւն: Ներկայացուած շարականներն էին` «Մկրտի Քրիստոս», «Լոյս ի լուսոյ», «Առաքելոյ աղաւնոյ», «Ով զարմանալի» եւ «Այսօր ձայնն հայրական»:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց գերապայծառ Մանուէլ եպս. Պաթաքեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որոնք պարզ, մատչելի եւ ժողովրդային լեզուով փորձեցին ընտելացնել ներկաները մկրտութեան խորհուրդին: Ան մաղթեց, որ երեկոն իր դրական ազդեցութիւնը ունենայ նաեւ սրահէն դուրս: Գեղարուեստական-դաստիարակչական երեկոն փակուեցաւ գերապայծառ տիրոջ պահպանիչով եւ Տէրունական աղօթքով:

