Ս. Հռիփսիմեանց Կոյսերուն Նուիրուած Աղօթքի Շաբաթը Սկիզբ Առաւ

1006hripsime-2Երկուշաբթի, 9 յունիսի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հռիփսիմեանց կոյսերու աղօթքի շաբթուան բացումը` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ թեմի քահանայից դասին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:

Հռիփսիմեանց կոյսերու նուիրուած արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ, ապա սրբազան հայրը փոխանցեց իր պատգամը` շեշտը դնելով Հռիփսիմեանց կոյսերու մասունքին ընդմէջէն իբրեւ ուխտաւոր սուրբերուն եւ սրբութիւններուն նկատմամբ մեր հաւատքը վերանորոգելու անհրաժեշտութեան վրայ:

Երեքշաբթի, 10 յունիսի երեկոյեան ժամը 5:00-ին նոյնպէս Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հռիփսիմեանց կոյսերու նուիրուած արարողութիւն, որմէ ետք սուրբերու մասունքով թափօր կազմուեցաւ դէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի` նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ սկաուտներուն: «Անձինք նուիրեալք» շարականի երգեցողութեամբ, մասնակցութեամբ` Սրբոց Վարդանանց եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցիներու դպրաց դասերուն թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, ուր սուրբերու մասունքը զետեղուեցաւ բեմին վրայ:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ նկատել տուաւ, որ մեր ժողովուրդը բազմաթիւ սուրբեր ունեցած է եւ անոնց մասունքները պահած է սրբութեամբ` աւելցնելով, որ մեր հայրենիքէն հեռու ապրիլը զրկած է մեզ այդ մասունքներուն հետ հաղորդակցութեան մէջ ըլլալէ:

«Այսօր սակայն, 301 թուականէն մեզի եկած Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերու մասունքները ունինք եւ կը պահենք իբրեւ սրբութիւն», հաստատեց սրբազանը շեշտը դնելով մեր երէցներուն ունեցած հաւատքին վրայ եւ յորդորելով ներկաները ամուր պահելու անոնցմէ մեզի աւանդուած հաւատքը:

Ապա հաւատացեալները երկիւղածութեամբ մօտեցան մասունքին` օրհնութիւն ստանալու համար: Թափօրը աւարտեցաւ «Տէր Ողորմեա» շարականի երգեցողութեամբ եւ Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք եկեղեցին բաց մնաց հաւատացեալներուն առջեւ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30:

Թափօրը իր իւրայատուկ եւ աննախընթաց երեւոյթով մեծ խանդավառութիւն եւ գոհունակութիւն ստեղծեց ուխտաւոր ժողովուրդին մօտ:

Նշենք, որ վաղը` հինգշաբթի, 12 յունիսի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, թափօրը Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցիէն պիտի ուղղուի դէպի Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցի` նոյն արարողութեամբ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES