Պրազիլի Մէջ Փուլ Եկած Է Ֆութպոլի Աշխարհի Ախոյեանութեան Համար Կառուցուող Երկաթուղիին Մէկ Բաժինը

1006Bridge«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Պրազիլիոյ Սան Փաուլօ քաղաքին մէջ փլուզուած է ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան համար կառուցուող երկաթուղիին մէկ հատուածը: Դէպքին պատճառով մահացած է գործաւոր մը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ վիրաւորուած է երկու մարդ:

Ընդհանուր առմամբ 18 քիլոմեթր երկարութեամբ երկաթուղին պիտի միացնէր Քոնկանիաս օդակայանը մեթրոյի երեք գիծերու հետ: Կը սպասուէր, որ աշխատանքները աւարտէին մինչեւ մրցաշարքի սկիզբը, սակայն անիկա մինչեւ հիմա պատրաստ չէ:

Ասիկա ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան համար կառուցուող կառոյցներուն մէջ մարդոց մահուան պատճառ հանդիսացող առաջին դէպքը չէ: Պրազիլի մէջ 12 մարզադաշտ կառուցելու ընթացքին մահացած են 8 գործաւորներ:

Share this Article
CATEGORIES