Վրաստան Թուրքիայէն Թուրք Երեսփոխաններու Աբխազիա Այցելութեան Կապակցութեամբ Բացատրութիւն Կը Պահանջէ

Տաւիտ Զալքալիանի

Տաւիտ Զալքալիանի

«Ափսնի» կայքը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի արտաքին գործոց առաջին փոխնախարար Տաւիտ Զալքալիանի յայտնած է, որ իրենք թուրք երեսփոխաններու Աբխազիա այցելութեան կապակցութեամբ Թուրքիայէն բացատրութիւն պահանջած են:

«Մենք կանչած ենք Վրաստանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը, որմէ համապատասխան բացատրութիւն պիտի պահանջենք: Բացի ատկէ, Անգարայի մէջ մեր դեսպանն ալ համապատասխան դիւանագիտական քայլ պիտի կատարէ եւ պիտի այցելէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն», ըսած է Զալքալիանի:

Ան նշած է, որ Թուրքիան Վրաստանի գործընկերն է, եւ թուրք երեսփոխաններու այդ քայլը իրենց մօտ զարմանք յառաջացուցած է:

«Թուրքիան, ինչպէս յայտնի է, կը ճանչնայ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը: Որքան մեզի ծանօթ է, այդ երեսփոխանները կը ներկայացնեն Թուրքիոյ մէկ շրջանը` Սաքարիա նահանգը, ուր շատ են ծագումով աբխազները: Մենք կ՛ենթադրենք, որ ճիշդ այդ ալ եղած է երեսփոխաններու` Աբխազիայով հետաքրքրուելուն պատճառը: Յոյսով ենք, որ Թուրքիան անոր համար բացատրութիւն ունի», ըսած է ան:

Թուրք երեսփոխանները Սուխումի այցելած էին անցեալ շաբաթավերջին:

Share this Article
CATEGORIES