Լիպըրման. «Սիսի Իր Առաջին Ճառին Մէջ Պաղեստինեան Դատին Մասին Խօսելով Մեծ Սխալ Գործեց»

Աւիկտոր Լիպըրման
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման քննադատեց Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին` նշելով, որ նախագահի պաշտօնը ստանձնելէ ետք արտասանած իր առաջին ճառին մէջ Սիսի պաղեստինեան դատը Միջին Արեւելքի ամէնէն կարեւոր դատը նկատելով մեծ սխալ մը գործեց:
Լիպըրման ըսաւ, որ այդ խօսքը իրողութեան հետ որեւէ կապ չունի. Թունուզի եւ Լիպիոյ յեղափոխութիւնները, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմն ու Պահրէյնի մէջ տեղի ունեցած բախումները պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին հետ որեւէ կապ չունին:
CATEGORIES Միջազգային

