«Կիւլ Ռուհանիին Վստահեցուց, Որ Թուրքիա Ծոցի Երկիրներուն Ապահովութեան Նկատմամբ Նախանձախնդիր Է» Ըսաւ Հիւրմիւզլիւ

1006Rouhani-GulԹուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ յայտնեց, որ թրքական կողմը Իրանի նախագահին յայտնած է, որ պէտք է յարգել երկիրներու ներքին հարցերուն չմիջամտելու եւ բարի դրացնութեան սկզբունքները` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ իր իրանցի պաշտօնակիցին վստահեցուցած է, որ իր երկիրը Ծոցի երկիրներուն ապահովութեան, բարգաւաճման եւ ձգտումներուն, ինչպէս նաեւ անոնց ներքին հարցերուն միջամտութեան բացառման նկատմամբ նախանձախնդիր է:

Ան յայտնեց, որ Կիւլ-Ռուհանի հանդիպումին ընթացքին արծարծուած են տնտեսական եւ քաղաքական հարցեր` նշելով, որ երկու ղեկավարները կեդրոնացած են մասնաւորաբար պանդոկներու եւ զբօսաշրջութեան մէջ փոխադարձ ներդրումներու հարցին վրայ:

Հիւրմիւզլիւ խոստովանեցաւ, որ սուրիական հարցին վերաբերեալ տարակարծութիւնը կը շարունակուի, սակայն երկու կողմերը համաձայնած են այդ թղթածրարին շուրջ երկխօսութիւնը շարունակելու:

Share this Article
CATEGORIES