Տահեշ Գրաւեց Իրաքի Երկրորդ Մեծագոյն Քաղաքը

1006MosulԻրաքի եւ Շամի իսլամական պետութեան (ՏԱՀԵՇ) զինեալներ երէկ քառօրեայ բախումներէ ետք գրաւեցին Իրաքի երկրորդ մեծագոյն քաղաք Մուսուլը: Նինուէի նահանգապետը հաստատեց, որ իրաքեան բանակը հեռացած է քաղաքէն, որ անցած է ՏԱՀԵՇ-ի վերահսկողութեան տակ:

ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները գրաւեցին քաղաքին քաղաքային օդակայանը, նահանգապետարանը եւ ոստիկանութեան «Գահիրէ» կեդրոնը, զոր հրկիզած են: Անոնք նաեւ կողոպտած են քաղաքի դրամատուները:

ՏԱՀԵՇ նաեւ յաջողած է ազատ արձակել իր զինեալները, որոնք բանտարկուած էին Մուսուլի տարբեր բանտերուն մէջ: Իրաքեան կառավարական ուժերն ու քրտական Փեշմերկաները կը շարունակեն կռուիլ զինեալներուն դէմ:

Նինուէ նահանգին եւ Մուսուլ քաղաքին կից Քերքուք, Սալահէտտին եւ Անպար նահանգներուն մէջ ապահովական ուժեր առաւելագոյն պատրաստ վիճակի մէջ դրուեցան ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն ներթափանցումը կանխարգիլելու համար:

Մուսուլի գրաւումէն ետք իրաքեան կառավարութիւնը երկրին մէջ ընդհանուր զօրակոչ եւ զինեալ ուժերու ընդհանուր կազմ ու պատրաստ վիճակ յայտարարեց:

Պարզանի կոչ ուղղեց իրաքեան բանակին օժանդակելու: Նշենք, որ Թալեպանիի եւ Պարզանիի կուսակցութիւնները ամբողջութեամբ դատարկեցին Մուսուլի նահանգապետարանի շէնքին մէջ գտնուող իրենց կեդրոնները` մեկնելով այն մտավախութենէն, որ անոնք Թոզխարմաթոյի Տոմօ քաղաքին մէջ անցնող երկու օրերուն տեղի ունեցածին նման ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ յարձակումներու թիրախ կը դառնան:

Share this Article
CATEGORIES