Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել զգուշացուց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական վիճաբանութիւնը երկար տեւելու պարագային կրնայ վերածուիլ ապահովական բախումի:

ՇԷՅԽ Օմար Պաքրի Ֆըսթոք Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտայի կողմէ հարցաքննութեան ենթարկուելու ընթացքին խոստովանած է, թէ ինք անհաւատ նկատած է լիբանանեան բանակը եւ կը փափաքի իսլամական պետութեան մը ստեղծումը:

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ հերքեցին այն լուրերը, թէ իրենք մեղմացուցած են Հարաւային արուարձաններուն մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախագահական թափուր աթոռի դրութեան պայմաններուն մէջ կառավարութեան գործադրելիք աշխատանքային մեքանիզմին շուրջ տարակարծութիւնները տակաւին առկայ են:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրուելու առիթը կորսուած է` Հըզպալլային կառչած մնալու իր կեցուածքներուն պատճառով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ անհրաժեշտ նկատեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին մասնակցելու կարեւորութիւնը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնած են, թէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ երկխօսութիւնը հեզասահ եւ դրական կերպով կ՛ընթանայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ ուսուցիչներու իրաւունքները յստակ են, իսկ աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը արդարացի է, սակայն պէտք է սերտել կարողութիւնները:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն աղբիւրներէն, գրած է, թէ հանրապետութեան նոր նախագահը պէտք է Լիբանանի եւ Սուրիոյ յարաբերութիւնները վերահաստատէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES