Ժոմպլաթ. «Հարիրիի Պիտի Տեղեկացնեմ, Թէ Ո՛չ Աունը Պիտի Ընտրենք, Ո՛չ Ալ Ժահժահը»

0806jumblattԸնկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ յայտնեց, որ ինք նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի պիտի տեղեկացնէ, թէ իր պլոքը ո՛չ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին, ո՛չ ալ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի ի նպաստ պիտի քուէարկէ:

Ժոմպլաթ նշեց, որ իրենք կը մերժեն զօր. Աունի նախագահ ընտրութիւնը` աւելցնելով, որ Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի առաջադրած թեկնածուին` երեսփոխան Հանրի Հըլուի զօրակցութիւնը չափաւորականութեան զօրակցութիւն կը նկատուի:

Ժոմպլաթ յայտնեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալուն ընթացքին երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելը Լիբանանի մէջ պիտի ըլլայ նախընթաց մը:

Ժոմպլաթ մաղթեց, որ հանրապետութեան նոր նախագահը շարունակէ նախկին նախագահ Միշել Սլէյմանի ուղեգիծը` ըլլայ ան Հըզպալլայի զէնքին, թէ «Պաապտայի յայտարարութեան» առումով:

Ան նշեց, որ ինք կը հաւատայ Լիբանանի մէջ իսլամ-քրիստոնեայ հաւասարութեան պահպանումին` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա հաստատած են, որ Լիբանանի մէջ եռեակ դրութիւն պիտի չըլլայ:

Ժոմպլաթ ըսաւ, որ Սուրիոյ պատերազմը կասեցնելու առումով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի կողմէ Հըզպալլայի, Իրանի եւ Ռուսիոյ ուղղուած կոչը կատակ մըն էր:

Share this Article
CATEGORIES