Մաշնուք Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Քաթար

Մաշնուք եւ քաթարցի իր պաշտօնակիցը

Մաշնուք եւ քաթարցի իր պաշտօնակիցը

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Քաթար, ուր հանդիպում մը ունեցաւ քաթարցի իր պաշտօնակիցին` շէյխ Ապտալլա պըն Նասերի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-քաթարեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Քաթարի մէջ լիբանանեան դեսպանատան կողմէ ի պատիւ իրեն սարքուած ընթրիքին առիթով Մաշնուք մաղթեց, որ քաթարցին միշտ ալ Լիբանան այցելէ` նշելով, որ Լիբանանի մէջ անոր ներկայութիւնը հիմնական է:

«Քաթարի քաղաքացիները Լիբանանի մէջ պէտք է զգան, թէ իրենք իրենց երկրին մէջ կը գտնուին եւ ոչ թէ օտար են», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ քաթարցիները կը սիրեն Լիբանանը եւ յանձնառու կը մնան անոր կայունութեան ու բարօրութեան:

Մաշնուք շեշտեց, որ հակառակ Լիբանանի մէջ նախագահական աթոռի թափուր մնալուն, մնացեալ պետական հաստատութիւնները լաւ ձեւով կը գործեն` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը կ՛ուզեն երկրին քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւնը պահպանել:

Կը նախատեսուի, որ Մաշնուք հանդիպում մը ունենայ Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին հետ` քննարկելու համար Լիբանանի մէջ Մոնտիալի մրցումներուն սփռումը ապահովելու կարելիութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES