Օպամայի Կողմէ Հեռագիր` Նախկին Նախագահին

Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռագիր մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայէն, որ նշած էր, թէ Սլէյմանի նախագահական նստաշրջանին ընթացքին երկիրը կրցաւ դիմակայել տեղական եւ շրջանային շարք մը մարտահրաւէրներ:

Օպամա Սլէյմանին յայտնեց, որ ան հաւատարմութեամբ գործած է, որպէսզի Լիբանան կարենայ միջազգային իր պարտաւորութիւնները լիովին կատարել:

Օպամա բարձր գնահատեց 2012-ի «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը` հրաւիրելով լիբանանեան պետութիւնը գործադրելու զայն` պահպանել կարենալու համար Լիբանանի անկախութիւնը եւ պահպանելու համար անոր հաստատութիւնները:

Օպամա գնահատեց նաեւ Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գործակցութիւնը, Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին զօրակցելու կեցուածքը, լիբանանեան բանակը զինելու եւ հզօրացնելու առումով ամերիկեան-լիբանանեան միացեալ ջանքերը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 եւ 1559 բանաձեւերուն գործադրութիւնը:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ դնէ պետական քննութիւնները կատարելու եւ ուսուցիչներու ու պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը վերջնականապէս լուծելու առումով:

Share this Article
CATEGORIES