«Եթէ Կառավարութեան Աշխատանքներուն Խոչընդոտումը Շարունակուի, Պիտի Ստիպուիմ Թափանցիկ Ըլլալ» Ըսաւ Վարչապետ Սալամ

Փաուլի եւ վարչապետ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք կառավարութիւնը պիտի հրաւիրէ նիստի մը, որ պիտի գումարուի վաղը` հինգշաբթի, 12 յունիսին, քննարկելու համար նախագահական աթոռի թափուր մնալուն ընթացքին կառավարութեան գործադրելիք աշխատանքային մեքանիզմը:
Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ նախագահական աթոռին համար մրցակցութիւնը նորութիւն մը չէ, իսկ տագնապը համայնքային կամ յարանուանական տագնապ մը չէ, այլ քաղաքական տագնապ:
Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ եթէ կառավարութեան աշխատանքներուն խոչընդոտումը շարունակուի, պիտի ստիպուի թափանցիկ ըլլալ եւ մատնանշել այդ աշխատանքները արգելակող քաղաքական կողմերը:
Նշենք, որ Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Փաուլի շեշտեց Լիբանանի մէջ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութիւնը զուտ լիբանանեան պատասխանատուութիւն է եւ պէտք է անյապաղ կատարուի, առանց միջազգային միջամտութիւններու:

