Ժեմայէլ Եւ Փաուլի Այցելեցին Պքերքէ

Ժեմայէլ եւ Ռայի պատրիարքը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ հաստատեց, որ լիբանանեան սահմանադրութիւնը յստակ է, անիկա յատկապէս իր 74-րդ եւ 75-րդ յօդուածներով կը հաստատէ, որ նախագահական ընտրութեան ժամկէտի վերջին 10 օրերուն ընթացքին խորհրդարանը միայն այդ ընտրութեամբ պէտք է զբաղի, իսկ 10 օրերը անցնելէ ետք, խորհրդարանը բաց նիստի դրութեան մէջ պէտք է ըլլայ, մինչեւ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը:
Ժեմայէլ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է նախագահական ընտրութեան առաջնահերթութիւն ընծայել եւ ճնշում բանեցնել այն ուժերուն վրայ, որոնք կ՛արգելակեն հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:
«Նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստերը պոյքոթի ենթարկելը անվայել կեցուածք է, որովհետեւ հանրապետութեան նախագահութիւնը պետական բոլոր հաստատութիւնները գլխաւորող մայր հաստատութիւնն է», ըսաւ ան:
Ժեմայէլ աւելցուց, որ երբ հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրուի, կարելի կ՛ըլլայ նաեւ այլ դիւրութիւններ ընծայել, օրէնսդրական հոլովոյթը բնականոն դարձնել, ինչպէս նաեւ երկրին սահմանադրական եւ օրինական կեանքը կարգաւորել:

Ռայի պատրիարքը եւ Փաուլի
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի:
Հանդիպումէն ետք Փաուլի շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ վերահաստատած Լիբանանի անկախութեան ու գերիշխանութեան նկատմամբ Ֆրանսայի կեցուածքը:
Փաուլի ընդգծեց նաեւ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ անիկա կարեւոր է Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն համար: «Լիբանան պէտք չէ ընտելանայ նախագահական աթոռին թափուր մնալու կացութեան», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, մարոնի համայնքի պատրիարքութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իր մօտ նախագահական թեկնածուներու անուանացանկ մը գոյութիւն չունի:
Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ պատրիարքութիւնը անուններու խաղին միջամուխ պիտի չըլլայ եւ նախագահական պաշտօնին համար յստակ թեկնածու մը չունի:

