Ամբողջ Օրուան Ընթացքին Արձանագրուած Բանավէճերէն Եւ Բանակցութիւններէն Ետք Պետական Քննութիւնները 24 Ժամով Յետաձգուեցան

Պըրրի` խորհրդարանական նիստին ընթացքին
Ինչպէս նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը, նոյնպէս ալ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը յետաձգուեցաւ երեսփոխաններու անբաւարար թիւին պատճառով:
Օրէնսդրական նիստին յետաձգումով ուսուցիչներու եւ պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարին ճակատագիրը մնաց անորոշ` նոյն կացութեան մատնելով նաեւ պետական քննութիւններուն ճակատագիրը:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի աշխատավարձերու յաւելումի թղթածրարին քննարկումը յետաձգեց հինգշաբթի, 19 յունիս 2014-ին` հաստատելով, որ այսօրուան այս կացութիւնը չի ծառայեր յօգուտ նախագահական ընտրութիւն կատարելուն` աւելցնելով, որ սահմանադրական հաստատութեան մը աշխատանքները արգելակելու քայլը պատճառ պիտի դառնայ նաեւ, որ սահմանադրական այլ հաստատութիւններուն աշխատանքները խոչընդոտուին եւ այդպիսով սահմանադրութիւնը խախտի:
Ան կոչ ուղղեց, որ անձնական շահերու նպատակով նախագահական ընտրութիւնը չյետաձգուի:
Պըրրի նշեց նաեւ, որ այս պայմաններուն լոյսին տակ կարելի չէ պետական քննութիւններ կատարել:

Էլիաս Պու Սաապ
Իր կարգին, կրթութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ խորհրդարանէն յայտարարեց, որ պետական քննութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին, այսինքն` վաղը, 12 յունիսին` աւելցնելով, որ ինք համաձայն է խորհրդարանի նախագահին կեցուածքին, թէ այս պայմաններուն լոյսին տակ կարելի չէ քննութիւններ կատարել, սակայն իբրեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար իր պարտականութիւնն է մտածել աշակերտներուն եւ ապագայ ուսանողներուն շահերը:
Կէս գիշերէն ետք կրթութեան նախարարը յայտարարեց, որ պետական քննութիւնները 24 ժամով յետաձգուած են, անոնք տեղի պիտի ունենան ուրբաթ օր, ուսուցիչները պիտի հսկեն անոնց, սակայն պիտի չսրբագրեն քննութիւնները` կառչած մնալով իրենց պահանջներուն:
Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու երեսփոխանները, որոնք խորհրդարան ուղղուեցան` բացատրելու համար օրէնսդրական նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու դրդապատճառները, ըսին, որ իրենք կը հսկեն երկրին տնտեսական կացութեան եւ այդ պատճառով կը մերժեն աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը, մինչեւ որ այդ յաւելումները ֆինանսաւորելու համապատասխան հաւասարակշռուած աղբիւրները ստեղծուին:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան խստիւ քննադատեց կարգ մը երեսփոխաններու կանխատրամադրուածութիւնը, թէ այդ թղթածրարին շուրջ կարելի պիտի չըլլայ համախոհութիւն գոյացնել:
Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ խորհրդարանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ հաստատեց, որ օրէնսդրական նիստը պոյքոթի ենթարկելու քայլը կը միտի ձախողեցնել աշխատավարձերու յաւելումներուն վաւերացումը:
Ան նշեց, որ իրենք պատասխանատուութեամբ աշխատած են եւ կրցած 1358 միլիառ լ. ոսկի ապահովել` յաւելումները ֆինանսաւորելու համար, «իսկ անոնք, որոնք կը մերժեն այս թիւերը, կրնան կարդալ երեսփոխանական ենթայանձնախումբերուն եւ խորհրդարանի ընդհանուր ժողովներուն ատենագրութիւնները, որպէսզի տեսնեն, թէ իրենց իսկ հաւանութեամբ վաւերացուած են այդ գումարները», ըսաւ ան:
Խալիլ աւելցուց, որ ինք պատասխանատու է երկրին ելեւմտական կայունութեան պահպանումին, սակայն պէտք է նաեւ ըսել, որ այդ նախարարութեան մէջ կուտակուած են տասնեակ տարիներու ընթացքին գործուած սխալներ:
Եունեսքօ-ի Մէջ
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ առաւօտեան կրթութեան նախարարութեան մէջ կատարեց իր բողոքի նստացոյցը` պահանջելով վաւերացնել իրենց յատուկ աշխատավարձի յաւելումները:
Խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ իրենք պատգամը ստացած են, եւ անկարելի է, որ հրաժարին պետական քննութիւններուն պաշտօնական չափանիշէն: «Սակայն մենք ենք, որ այդ քննութիւններուն պաշտօնականութիւն կու տանք, որովհետեւ մենք ենք պետական մարզի ուսուցիչները», հաստատեց ան:
Անձնական դպրոցներու մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ շեշտեց, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը չէ, որ երկիրը դէպի սնանկացում պիտի առաջնորդէ, այլ` քաղաքական գործիչներու որոշ դասի մը գոյութիւնը:
Ան խստիւ դատապարտեց խորհրդարանին կողմէ երեք տարիէ ի վեր սերտուող թղթածրարին ճակատագիրը անորոշ ձգելու վարուելակերպը` նկատել տալով, որ անիկա անպատասխանատու կեցուածք է եւ նուազագոյնը մէկը պէտք է հրաժարի իր պաշտօնէն` իր արձանագրած թերացումին համար:
Խորհուրդը բաց գործադուլ յայտարարեց:
Ընդհանուր գործադուլին իր մասնակցութիւնը յայտարարեց նաեւ պետական հաստատութիւններուն մէջ գործող պաշտօնեաներու լիկան:
Նշենք, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ քաղաքացիական օդանաւորդութեան թռիչքներուն հսկիչները գործադրեցին երկու ժամուան խորհրդանշական գործադուլ մը, որուն պատճառով ուշացան կարգ մը օդանաւային թռիչքներ: Անոնք եւս պահանջեցին իրենց իրաւունքները:
Յետմիջօրէին կրթութեան նախարարին եւ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին միջեւ ստեղծուեցաւ հանդիպումի կարելիութիւն մը` յստակացնելէ ետք խորհուրդին կողմէ Պու Սաապի հասցէին կատարուած վարկաբեկիչ արտայայտութեան հարցը:
Երեկոյեան ժամը 5:30-ին սկսած հանդիպումներն ու բանակցութիւնները, մերթ Հաննա Ղարիպի եւ նախարարին, մերթ Նաամէ Մահֆուտի եւ նախարարին, ինչպէս նաեւ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին եւ երեսփոխան Ալի Պեզզիի միջեւ, ձախողութեամբ աւարտեցան գիշերուան ժամը 9:00-ին` նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ նախարարը կառչած մնաց պետական քննութիւնները վաղը` հինգշաբթի, 12 յունիսին կատարելու իր որոշումին:
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը ուղղուեցաւ նախարարութեան մէջ գտնուող պետական քննութիւններու յատկացուած յարկը, ուր գործադրեց բողոքի նստացոյց մը:

