ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻԱ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԻՐԱՆԻ ՀԵՏ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը Ժետտայի մէջ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ թագաւորութիւնը պատրաստ է իրանեան կողմին հետ արդիւնաւէտ երկխօսութիւն կատարելու, եթէ Իրան երկխօսութիւն կատարելու փափաք ունի: Ան յայտնեց, որ նախապէս Իրանի հետ սկսած է շարք մը քննարկումներու, որոնք հետագային Իրանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Մանուշեհր Մոթթաքիի հետ քննարկումներու վերածուած են, Մոթաքիի Սէուտական Արաբիա այցելութիւն մը ծրագրուած էր եւ սէուտական կողմը նշած էր կարգ մը կէտեր, որոնց լուծումը պահանջած էր, սակայն անոնք չեն լուծուած եւ հանդիպումը տեղի չէ ունեցած:
Ան նշեց, որ երբ Իրանի արտաքին գործոց նախարար նշանակուած է Ալի Աքպար Սալեհի, վերջինս Փաքիստանէն սէուտական կողմին հեռաձայնելով փափաք յայտնած է երկխօսութիւնը շարունակելու եւ առաջարկած է Քուէյթի մէջ եռակողմանի հանդիպում մը ունենալու, սակայն իշխան Ֆայսալ վերապահութիւն յայտնած է եւ նախընտրած է երկկողմանի հանդիպում մը ունենալ:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը բացատրեց, որ «Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդը Իրանի հարցով ռազմավարութիւն մը ունի: Իրան մեծ ու դրացի պետութիւն մըն է եւ անկասկած շրջանին մէջ դեր ունի, սակայն այդ դերը ընդունելի ըլլալու համար պէտք է Ծոցի երկիրներուն շահերը նկատի ունենայ: Եթէ Իրան ուզէ շրջանին մէջ ղեկավար պետութեան դերակատարութիւն ունենալ, պէտք է շրջանի պետութեանց շահերը նկատի ունենայ»: