ԸՍՏ «ՎԵՐՍԻ»Ի ՈՒՔՐԱՆԻԱ Կ՛ՈՒԶԷ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻՆ ՄԷՋ ՄԻՋՆՈՐԴ ԴԱՌՆԱԼ

Ուքրանական «Վերսի» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիա կը պատրաստուի ղարաբաղեան տագնապի բանակցային հոլովոյթին մէջ միջնորդ դառնալու:

«Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ուքրանիա կատարած այցելութեան արդիւնքներէն յայտնի դարձած է, որ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկրի նախագահին հրահանգով կը ծրագրէ աշխուժացնել Հարաւային Կովկասի մէջ իր ջանքերը: Միխայլովեան հրապարակէն լաւատեղեակ աղբիւրներ կը տեղեկացնեն, որ յառաջիկային ուքրանացի դիւանագէտներու պատուիրակութիւնը կը պատրաստուի այցելելու Երեւան, Ստեփանակերտ եւ Պաքու` տեղւոյն վրայ տեղեկանալու համար խաղաղարար առաքելութեան Ուքրանիոյ մասնակցութեան կարելիութեան մասին», կը գրէ կայքէջը` նշելով, որ նիւթին առնչութեամբ ուքրանական դիրքերու աշխուժացումը պայմանաւորուած է Քազանի հանդիպումին ձախողութեամբ:

«Ռուսական դիւանագիտութիւնը չկրցաւ ապացուցել իր հաւասարակշիռ դիրքորոշումը, իսկ Հայաստան ու Ազրպէյճան հետաքրքրուած են բանակցային հոլովոյթին մէջ միջնորդի փոփոխութեամբ: Քիեւի թեկնածութեան ընտրութիւնը պայմանաւորուած է Ուքրանիոյ չէզոք կարգավիճակով, ինչպէս նաեւ Քիեւի եւ Մոսկուայի միջեւ յարաբերութիւններու լուրջ սառեցումով», կը նշէ «Վերսի»:

 

Share this Article
CATEGORIES