«ՔԱՌՆԸԿԻ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՀԱՅ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐ

Ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը իր 4 յուլիսի թիւին մէջ ամբողջ էջ մը տրամադրած է «Քառնըկի» հիմնարկի ծանուցումին:

Ծանուցումին վրայ 45 լուսանկարներ կը շրջապատեն հիմնարկի հիմնադիր Անտրիւ Քառնըկիի լուսանկարը. անոնցմէ մէկը ծագումով լիբանանցի Հուտա Զողպիի լուսանկարն է: Ան բժշկական մարզի հետազօտող մըն է եւ 1975-ին աւարտած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը:

Հիմնարկի տնօրէնն է հայազգի վարդան Գրիգորեան:

Տեղեկութիւնները «Ազդակ»ին տրամադրեց լուսանկարիչ- լրագրող Հերի Քունտաքճեան:

Share this Article
CATEGORIES