Գէորգ Ղազարեան Կրնայ Տեղափոխուիլ Օլիմփիաքոս

1006kevork-ghazarianՄեթալուրկ Տոնեցքի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան կրնայ տեղափոխուիլ Յունաստան եւ միանալ տեղւոյն կազմերէն Օլիմփիաքոսի, կը յայտնէ Sport-express:

Այս գծով ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կ՛աւելցնէ, որ վերջին շրջանին լուրեր շրջան կ՛ընէին, ըստ որոնց 26 տարեկան միջնապահը պիտի միանայ Փերմի Ամքար խումբին:

Նշենք, որ Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացքին Ղազարեան դաշտ ներկայացաւ 10 մրցումի` նշանակելով միայն կոլ մը:

Share this Article
CATEGORIES