2014-ի Մոնտիալին Ազդանշանէն Քանի Մը Օր Առաջ. Պրազիլի Մէջ Յարձակեցան Պոսնիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչներուն Վրայ
Իր լուրը քաղելով անգլիական «Միրըր» օրաթերթէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Պոսնիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մարզիչներուն դէմ տհաճ միջադէպ մը պատահած է Պրազիլի մէջ` 2014-ի Մոնտիալին ազդանշանը տրուելէն քանի մը օր առաջ:
Երբ խումբի գլխաւոր մարզիչ Սաֆեթ Սուշիչ եւ անոր օգնականները դուրս եկած են պանդոկէն` պտտելու համար, յարձակումի ենթարկուած են գողերու կողմէ:
Բարեբախտաբար, այդ միջոցին ոստիկանները հասած են եւ այդ գողերը փախուստ տուած են:
Մարզիչներէն ոեւէ մէկը մարմնական վնաս չէ ստացած: Անոնցմէ գողցուած են գումարներ եւ ոսկեղէն:
CATEGORIES Մարզական

