22-24 Յունիսին Մակնիւս Քարլսըն Պիտի Ժամանէ Հայաստան

1006carlsen-fՀայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին յատուկ հրաւէրով, 22-24 յունիսին եռօրեայ այցելութեամբ Հայաստան պիտի այցելէ ճատրակի աշխարհի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն:

Անոր այս այցելութեան առիթով նախատեսուած են շարք մը հանդիպումներ` տարբեր մարզերու ներկայացուցիչներուն հետ: Այդ հանդիպումներուն մասին յառաջիկային յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ ճատրակի ֆետերասիոնը:

Share this Article
CATEGORIES