50 Տարի Առաջ (12 Յունիս 1964)
«Պիտի Չմոռնամ Պիթլիսը,
Որուն Երազովը Ապրած Էի 56 Տարիներ»,
Ըսած Է Սարոյեան Պոլսէն Մեկնելէ Առաջ
Շատ Սիրեցի Նաեւ Մուշը…
Պոլսոյ «Մարմարա» թերթի արտօնատէր-տնօրէն Պետրոս Զօպեան, որ Ուիլիըմ Սարոյեանին ընկերակցեցաւ անոր Պոլսէն մինչեւ Պիթլիս եւ արեւելեան նահանգներ կատարած ճամբորդութեան ընթացքին, սկսած է «16 օրէն 6000 քիլոմեթր Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ» խորագրով հրատարակել ճամբորդութեան տպաւորութինները:
Պոլսէն դէպի Փարիզ մեկնումի օրը Ուիլիըմ Սարոյեան հետեւեալ յայտարարութիւնները ըրած է Պետրոս Զօպեանին, որ մեծանուն հիւրը օդակայան առաջնորդած է. «Շատ լաւ օրեր ունեցայ, կեանքիս ամէնէն երջանիկ ամիսը ապրեցայ: Մանաւանդ պիտի չմոռնամ Պիթլիսը, որուն երազովը ապրած էի 56 տարիներ:
«Հիմա Պիթլիսը իմ աչքին շատ աւելի լաւ կը պատկերանայ. գտայ այն բոլորը, որ մեր տան մէջ պատմեր էին ինծի: Շատ սիրեցի նաեւ Մուշը: Եւ գիտէ՞ք, թէ ինչո՛ւ: Որովհետեւ այդտեղի ժողովուրդը իր հարազատ ժողովուրդը եղեր էր: Հոն այն մարդիկը, որ տեսանք, անոնց ճիշդ նմաններուն շատ կը հանդիպիք Ֆրեզնոյի կամ ամերիկեան այլ քաղաքներու մէջ:
«Պիթլիսը ինծի համար քաղաք մըն է, ուր առանց ինքզինքս ճանչցնելու` կ՛ուզէի մէկ ամիս մնալ եւ շատ երջանիկ պիտի ըլլայի հոն»:
Այսպէս, Ուիլիըմ Սարոյեան տարուած էր վերջին օրերու իր երազային պատմութեամբ, երբ մեր ինքնաշարժը անցեր էր Ղալաթիոյ նորակերտ եկեղեցւոյ շրջանակէն:
Ղալաթիոյ նորաշէն եկեղեցին թերեւս եղաւ միակ շէնքը, որուն առջեւ մէկէ աւելի անգամներ ուզեց կենալ ու երկար նայիլ Ուիլիըմ Սարոյեան, ամէն անգամ որ այդ շրջանէն անցանք:
Այս անգամ, սակայն, խօսքի էր տարուած Ուիլիըմ Սարոյեան, եւ մենք չէինք ուզած ընդմիջել զինք:
Ուիլիըմ Սարոյեան յանկարծ կեցաւ.
– Ո՞ւր է եկեղեցին,- ըսաւ,- անցա՞նք,- եւ երբ դրական պատասխան ստացաւ, ըսաւ իր հայերէնով.
– Աղբա՛ր, ինչպէ՞ս չըսիք, շատ կ՛ուզէի վերջին անգամ մըն ալ տեսնել եկեղեցին:
Տանք Կենսական Տարածութիւն
Մեր Արուեստի Մշակներուն
Համազգայինի Հայ ժողովրդական երգ ու պարի «Քնար» խումբը, որ յառաջիկայ կիրակի եւ երկուշաբթի «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի արդիական թատերասրահին մէջ իր տարեկան ելոյթները պիտի ունենայ եւ այդ առիթով վերջին ընդհանուր փորձերը կ՛ընէ Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» սրահին մէջ, այս օրերուն մեզի դարձեալ կը յիշեցնէ սուր կարիքը այն կենսական տարածութեան, որուն բացակայութենէն կը տառապին մեր թատերական եւ գեղարուեստական ծաւալուն խումբերը, որոնք զրկուած են իրենց տարողութեան եւ կարելիութեանց չափանիշին համապատասխան ընդարձակ եւ յարմարութիւններով օժտուած բեմէ մը:
Արդարեւ, Համազգայինի Հայ ժողովրդական երգ ու պարի «Քնար» խումբը որակի բարելաւումին զուգընթաց` ծաւալած է նաեւ մասնակից արուեստասէրներու քանակով, որոնք փորձի պահուն կը գրաւեն «Ազատամարտ» սրահին ամբողջ տարածութիւնը: Հրճուառիթ է ի հարկէ ականատես ըլլալ այսպիսի քոլոսալ գեղարուեստական երեւոյթի մը, սակայն երբ մեր գեղարուեստական խումբերը իրենց կարելիութեանց ապացոյցը կու տան, մեզի կը մնայ ընծայել անոնց այն կենսական տարածութիւնը, որուն պէտք ունին, որպէսզի ծրագրային վիճակներէ գործնականի անցնին մեր խոստմնալից արուեստի խումբերուն նոր նուաճումներ ըլլալու սահմանուած գեղարուեստական ձեռնարկներու ծրագիրները:
Յարմար սրահի չգոյութիւնը սանձահարած է մասնաւորաբար թռիչքը Համազգայինի թատերասէրներու «Գասպար Իփէկեան» խումբին, որ վստահաբար ամէն կարելիութիւն ունի թատերական արուեստի մարզին մէջ հսկայական նուաճումներ ընելու, եթէ զրկուած չըլլայ համապատասխան յարմարութիւններով օժտուած բեմէ մը:
Մեր գաղութը պէտք է տա՛յ կարելիութիւնը մեր արուեստի նուիրեալ սպասարկուներուն` զարգացնելու հայ թատերական եւ երաժշտական արուեստը, օժտելով մեր գաղութը արուեստի տաճարով մը, որուն նուիրեալ սպասարկումները Ժորժ Սարգիսեան եւ իր գործակիցները թատերական մարզի մէջ, տոքթ. Վարդգէս եւ տիկ. Էկլանթին Աբրահամեանները` իրենց գործակիցներով, նաեւ երգչախումբի եւ նուագախումբի ղեկավար Սարգիս Շաթրեան կարող են հայ ժողովրդական եւ տոհմիկ երգ ու պարի կալուածին մէջ հպարտառիթ նուաճումներ իրագործելու:
Կ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

