Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Յաւելեալ ծախսեր մի՛ ընէք ոչ անհրաժեշտ բաներու համար: Ձեր գումարը պահեցէք կարեւոր գնումներու պարագային դժուարութիւն չունենալու համար:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ ձեր խօսակիցը վստահելի անձ մըն է, կրնաք անոր վստահիլ ձեր կարգ մը ծրագիրներուն իրագործումը: Հեռու մնացէք շառլաթան անձերէ, որոնք ոչինչ կ՛ընեն: Խոհեմութեամբ հետեւեցէք օրուան անցուդարձերուն:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Անցեալի օրերէն եկած, բայց մոռցուած հարց մը պիտի նորոգուի` առանց մասնաւոր պատճառի: Որքան որ կրնաք, ջանացէք փակել անիմաստ խնդիրները:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Տեղափոխուելու հարց մը ունիք ձեր ասպարէզին բերումով: Ընդունեցէք առաջարկը, որովհետեւ փոփոխութիւնները նոր փորձառութիւն կը բերեն:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կատարելապաշտ էք. այսուհանդերձ, ներկայիս մանրամասնութիւններով զբաղիլը այնքան ալ ձեռնտու չէ: Ջանացէք պարզութեամբ իրագործել ձեր ծրագիրը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ ընկերովի գործ մը պիտի կատարէք, ապաւինեցէք ձեր ընկերոջ կարողութեան: Նման գործեր կը կարօտին փորձառու ձեռքերու: Ուշադիր եղէք, որպէսզի ձեր նախաձեռնութիւնը յաջողութեամբ պսակուի:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դրամատնային հարցերը կարգադրելու օրը եկած է: Եթէ մուրհակի վճարում ունիք, մի՛ յետաձգէք: Ուշանալը յաւելեալ բարդութիւն կրնայ ստեղծել:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ տարեդարձի կամ այլ ուրախ առիթի համար նուէր մը պիտի գնէք, մի՛ կեդրոնանաք սուղնոց ապրանքի մը, այլ նկատի առէք միշտ նպաստաւորը` նուէրը ստացողին:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մարզանքի սկսիլն ու ապա մոռնալը սխալ է: Ձեր առողջութիւնը ամէն բանէ վեր նկատեցէք: Հեռու մնացէք իւղոտ ճաշերէ եւ ուշ երեկոյին ալքոլ կամ ծանր ճաշեր օգտագործելէ: Անոնք քունը կը խանգարեն:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մոռցէք անցեալին կատարուած անհաճոյ պատահարները, եթէ նոյնիսկ հարազատ անձի մը  կողմէ եղած ըլլան: Ներողամտութիւնը առողջութեան կը նպաստէ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ձիրքերը արտայայտեցէք, որպէսզի լաւագոյնս ծանօթանան ձեզի ձեր նոր շրջանակին մէջ: Վարանոտ կամ մեկուսի մնալը կը վնասէ ձեր յառաջանալուն:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Նախքան խօսիլը` լաւ մտածեցէք, թէ ձեր խօսքերը  ճիշդ են: Դուրսէն լսուած ամբաստանութիւնները ստուգեցէք եւ ապա ձեր համոզումը ունեցէք:

 

Share this Article
CATEGORIES